Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արայիկ Յարութիւնեան Ուղերձ Յղած Է Ռազմական Գործողութիւններու Դադրեցման Մէկ Տարուայ Կապակցութեամբ

Արայիկ Յարութիւնեան Ուղերձ Յղած Է Ռազմական Գործողութիւններու Դադրեցման Մէկ Տարուայ Կապակցութեամբ

by MassisPost

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեան ուղերձ յղած է արցախեան վերջին պատերազմի ռազմական գործողութիւններու դադրեցման մէկ տարուայ կապակցութեամբ:  «Արմէնփրէս»–ի հաղորդմամբ, Արայիկ Յարութիւնեան ընդգծած է, որ այդ ընթացքին ամենօրեայ ռեժիմով Արցախի իշխանութիւնները, ՀՀ ու Սփիւռքի աջակցութեամբ եւ ՌԴ խաղաղապահ զօրակազմի հետ համագործակցութեամբ, կը ջանան լուծել պատերազմի հետեւանք հանդիսացող տարաբնոյթ խնդիրները` ռազմա-քաղաքական, անվտանգային, ընկերա-տնտեսական եւ այլն։

«Երբեմն ունենում ենք իրավիճակներ, երբ ատրպէյճանական կողմը խախտում է ինչպէս բարձր մակարդակով մէկ տարի առաջ ստորագրուած յայտարարութեան դրոյթները, այնպէս էլ՝ առօրեայ աշխատանքներին վերաբերող պայմանաւորուածութիւնները։ Այդպէս է շփման գծում հրադադարի խախտումների դէպքում, այդպէս է վերջին երկու դէպքում, երբ զոհուեցին ու վիրաւորուեցին քաղաքացիական անձինք։ Ատրպէյճանի բացայայտ ահաբեկչութեան թիրախում Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիներն էին, ինչպէս նաեւ՝ ՌԴ խաղաղապահները. նպատակը խուճապային տրամադրութիւններ սերմանել Արցախում ապրողներիս շրջանում, եւ, ի հարկէ, փորձել հեղինակազրկել ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի առաքելութիւնը»,-նշած է Արայիկ Յարութիւնեան։

Արցախի նախագահը ներկայացուցած է, թէ այս ժամանակամիջոցին ինչ կատարուած է ԱՀ Պաշտպանութեան բանակի եւ խաղաղապահներու միջոցով ապահովուող հրադադարի ռեժիմը ամրապնդելու եւ անվտանգային միւս խնդիրները լուծելու համար։ Կատարուած են փոփոխութիւններ զէնքի մասին օրէնքի մէջ, որոնք կ’ընդլայնեն զէնքի ձեռքբերման հնարաւորութիւնները։

Թէեւ առ այսօր շօշափելի աշխատանք տարուած է շփման գծին յարակից բնակավայրերու մէջ մշտական զինուած հսկողութիւն ապահովելու առումով, սակայն, ըստ Արայիկ Յարութիւնեանին,  այսուհետ իրաւապահ մարմիններու կազմէն ներս գործող համապատասխան ստորաբաժանումները աւելի մեծ մասնակցութիւն կ’ունենան շփման գծին մօտ տարածքները կատարուող աշխատանքներու, բնակավայրերու ու ճանապարհներու անվտանգութեան ապահովման գործով։ Նախագահը այդ առումով խնդրած է բոլոր քաղաքացիներէն ու կազմակերպութիւններէն նշուած տարածքները աշխատանքներ կատարելու պարագային դիմել ԱՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն։

Այս մէկ տարուայ ընթացքին նաեւ զգալի աշխատանք տարուած է առաջնագիծի ամրացման ու ՊԲ գործառոյթներու պատշաճ իրագործումը ապահովելու ուղղութեամբ: ՌԴ խաղաղապահներու հետ նոյնպէս կը վարուի ամենօրեայ համագործակցութիւն, բազմաբնոյթ անվտանգային վտանգներու կանխարգիլման ու խնդիրներու վերացման ուղղութեամբ:

«Գլխաւորապէս չերեւացող տարբեր ջանքերի միջոցով հնարաւորինս անելու ենք, որ մեր բնակչութեան անվտանգութեան մակարդակը շարունակաբար բարձրանայ՝ օգտագործելով ե՛ւ սեփական անվտանգային կարողութիւնները, ե՛ւ ՌԴ խաղաղապահ զօրակազմի տրամադրած ռազմաքաղաքական երաշխիքները: Գործադրուող ջանքերի համար մէկ անգամ եւս շնորհակալութիւն եմ յայտնում Արցախում ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին, հրամանատարութեանը եւ անձամբ Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինին»,-ըսուած է ուղերձով:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment