Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փութին – Փաշինեան – Ալիեւ Եռակողմ Հանդիպման Շուրջ Ստոյգ Պայմանաւորուածութիւններ Առայժմ Չկան

Փութին – Փաշինեան – Ալիեւ Եռակողմ Հանդիպման Շուրջ Ստոյգ Պայմանաւորուածութիւններ Առայժմ Չկան

by MassisPost

Քրեմլինը յայտարարած է, որ Փութին – Փաշինեան – Ալիեւ եռակողմ հանդիպում կը ծրագրուի, սակայն չկայ ստոյգ պայմանաւորածութիւն, թէ երբ տեղի պիտի ունենայ երեք առաջնորդներու տեսակապով համագումարը։

«Իսկապէս, մենք հաստատած ենք, որ աշխատանքներ կը տարուին նման հանդիպման նախապատրաստման ուղղութեամբ, սակայն այստեղ կ’ուզեմ նշել, որ մինչ այժմ ստոյգ պայմանաւորուածութիւններ եւ անոր վերաբերող փոխըմբռնում, թէ երբ կրնայ նման տեսակապով համագումար տեղի ունենալ, դեռ չկայ», –  լրագրողներուն ըսած է Քրեմլինի խօսնակ՝ Փեսքովը։
Նոյեմբեր 8-ին հակասութիւն առաջացած էր Քրեմլինի խօսնակի եւ Հայաստանի վարչապետի յայտարարութիւններուն մէջ ծրագրուող եռակողմ հանդիպման մասին։ Նախ օրուայ առաջին կէսին Քրեմլինէն յայտարարեցին, որ այս շաբաթ նախատեսուած է կայացնել եռակողմ հանդիպում, ռուսական պետական Россия-1 հեռուստաընկերութիւնը գրեց, թէ չի բացառուիր հանդիպումը տեղի ունենայ Նոյեմբեր 9-ի փաստաթուղթի ստորագրման տարելիցին։

Քանի մը ժամ անց հրապարկուեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ձայնագրուած  հարցազրոյցը Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութեան, ուր ան հակասեց Քրեմլինի յայտարարութեան՝ նշելով, որ Նոյեմբեր 9-ին հանդիպելու որեւէ պայմանաւորուածութիւն չկայ։

«Բայց շատ կարեւոր է այդ հանդիպումների բովանդակութիւնը, այդ հանդիպումների խորհրդանշութիւնը, այդ յայտարարութիւններից ակնկալուող հնարաւոր արդիւնքը։ Այնտեղ, որտեղ մենք կարող ենք արձանագրել արդիւնք, մենք ոչ մի հանդիպումից չենք հրաժարուի, բայց ինքնանպատակ հանդիպումներ անելու կողմնակից չենք նաեւ։ Եւ յստակ Նոյեմբերի 9-ի հետ կապուած կարող եմ ասել, որ այս պահին պայմանաւորուածութիւն այդպիսի չկայ», – ըսաւ Փաշինեան։

Ծաւալուն հարցազրոյցին ան խօսած է նաեւ «3+3» ձեւաչափի մասին՝ պատասխանելով հարցին, թէ ինչու Երեւան առայժմ դիրքորոշում չունի Անգարայի ու Մոսկուայի առաջ մղած համագործակցութեան հարթակի մասին. – «Իրականում երկու օր առաջ մեր կառավարութիւնը արտաքին գործոց նախարարի տեղակալի մակարդակով դիրքորոշում արտայայտել է այդ կապակցութեամբ, եւ մեր դիրքորոշումը հետեւեալն է՝ «3+3» հնարաւոր ձեւաչափը չպէտք է իր օրակարգում ունենայ այնպիսի հարցեր, որոնք մենք արդէն համաձայնեցուած քննարկում ենք այլ ձեւաչափերով։ Մասնաւորապէս՝ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւնների բացման հարցը, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորմանը հարցը»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment