Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ-ի նախագահը Հայաստանը Հրաւիրած Է Ժողովրդավարութեան Հարցերով Գագաթնաժողովի

ԱՄՆ-ի նախագահը Հայաստանը Հրաւիրած Է Ժողովրդավարութեան Հարցերով Գագաթնաժողովի

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու նախագահ՝ Ճօ Պայտըն Հայաստանը հրաւիրած է ժողովրդավարութեան հարցերով գագաթնաժողովի, որ, Սպիտակ տան հաղորդմամբ, տեղի պիտի ունենայ յաջորդ ամիս։

Հայաստանի հարեւաններէն հրաւիրեալներու շարքին է միայն Վրաստանը։ Ցուցակին մէջ, որ հրապարակած է ամերիկեան Pօlitico ամսագիրը, ներառուած չեն ոչ Ատրպէյճանը, ոչ Թուրքիան եւ ոչ ալ Իրանը։ Նախկին ԽՍՀՄ տարածքէն Մերձպալթեան երկիրներէն բացի հրաւիրուած են միայն 4-ը՝ Հայաստանը, Վրաստանը, Մոլտովիան եւ Ուքրանիան։ Ռուսաստանէն բացի հրաւէր չէ ստացած նաեւ Չինաստան։

Դեռ տարեսկզբին՝ պաշտօնամուտի առաջին իսկ ելոյթներուն, Պայտըն նշած էր, որ հաստատակամ է ընելու առաւելագոյնը, որ աշխարհին մէջ ժողովրդավարութիւնը ամրապնդէ, Ռուսաստանի ու Չինաստանի նկրտումներուն հակազդելու համար։ «Ամերիկան պատրաստ է վերստին իր վրայ վերցնել առաջնորդութիւնը աշխարհի եւ այսուհետ չի վարանիր աւելի կոշտ դիրքորոշում բանեցնել մենատիրական երկիրներու, անոնց կարգին՝ Ռուսաստանի ու Չինաստանի հանդէպ։ Այս ուղերձը ես փոխանցած եմ Ռուսաստանի նախագահին մեր առաջին իսկ հեռախօսազրոյցին», – յայտարարած էր ԱՄՆ-ի նախագահը։

Ասիկա այս թեմայով Ճօ Պայտընի հրաւիրած առաջին համաժողովն է, որ, ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, տեղի պիտի ունենայ Դեկտեմբեր 9-10-ին։ Անոր պիտի մասնակցին մօտ 90 երկիրներու կառավարութիւններու, քաղաքացիական հասարակութեան եւ մասնաւոր հատուածի առաջնորդներ, ինչպէս Սպիտակ տունը նշած է՝ ժողովրդավարութիւնը սպառնացող մարտահրաւէրներուն համատեղ ուժերով արձագանգելու համար։

Երկօրեայ քննարկումներու օրակարգին վրայ է, մասնաւորապէս, երեք առանցքային հարց՝ ինչպէս դիմակայել մենատիրութիւնը, պայքարիլ քորուփցիայի դէմ ու առաջ մղել յարգանքը մարդու իրաւունքներու նկատմամբ։

«Այսօր ժողովրդավարութիւնը լուրջ խնդիրներու կը բախի ոչ միայն նորանկախ, այլ նաեւ՝ կայացած երկիրներու մէջ», – յայտարարած է Սպիտակ տունը, փաստելով, որ մարտահրաւէրները ոչ միայն ներքաղաքական են, այլ նաեւ՝ արտաքին։ Ներսը կառավարութիւնները չեն յաջողիր արդար ու կայուն տնտեսական միջավայր եւ քաղաքական առաջընթաց ապահովել, որու հետեւանքով ուժ կը հաւաքեն առաջնորդները, որոնք կասկածի տակ կը դնեն ժողովրդավարական նորմերն ու հաստատութիւնները։ Միւս կողմէ, Սպիտակ տունը կը փաստէ, որ մենատէր առաջնորդները դուրս կ’ելլեն իրենց երկիրներու սահմաններէն՝ խարխլելու ժողովրդավարութիւնները այլ երկիրներու մէջ, լրագրողներ եւ իրաւապաշտպաններ թիրախաւորելու եւ ընտրութիւնները միջամտելու միջոցով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment