Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճան Նպատակ Դրած Է Մինչեւ 2030-ը Արցախի ԼՂԻՄ-ի Տարածքին Մէջ Հաւասարեցնել Հայերու եւ Ատրպէյճանցիներու Թիւը

Ատրպէյճան Նպատակ Դրած Է Մինչեւ 2030-ը Արցախի ԼՂԻՄ-ի Տարածքին Մէջ Հաւասարեցնել Հայերու եւ Ատրպէյճանցիներու Թիւը

by MassisPost

Ատրպէյճանի նպատակն է՝ Արցախի ԼՂԻՄ-ի գրաւեալ տարածքներուն՝ Շուշիի, Հադրութի եւ գրաւուած գիւղերուն մէջ մինչեւ 2030 թուականը բնակող ատրպէյճանցիներու թիւը հասցնել 40-45 հազարի։ Փոխարէնը սադրանքներով, կրակոցներով եւ ահաբեկող յայտարարութիւններով վախ ներշնչելու միջոցով նուազեցնել  բուն Արցախ ապրող հայերու թիւը՝ մինչեւ 40-45 հազարի։ Այս մասին Երեւանի մամլոյ ակումբի կազմակերպած սեմինարի ժամանակ ըսաւ ռազմական փորձագէտ Բենիամին Պօղոսեան։ Ըստ փորձագէտին՝ իր հետ զրոյցի ընթացքին ասիկա չեն թաքցուցած ատրպէյճանցի գործընկերները։

Փորձագէտի խօսքով՝ Ատրպէյճանի այդ ծրագիրը ապագայ հանրաքուէի արդիւնքներուն համար է։ Ըսած է, թէ չնայած Ատրպէյճանը կը յայտարարէ, որ իրեն համար Արցախի հարցը լուծուած է, շատ լաւ կը հասկնայ, որ Արցախի կարգավիճակի հարցը լուծման կը սպասէ ու ինքը կանգնած է այդ խնդրի առջեւ։

Այդ է պատճառը, որ այսօր աշխուժօրէն կը կառուցապատէ գրաւեալ տարածքներուն մէջ՝ զանոնք ատրպէյճանցիներով բնակեցնելու համար։

Պօղոսեանի խօսքով՝ ցաւօք, այսօր Արցախէն արտագաղթ կայ, եւ այդ պայմանաւորուած է անվտանգութեան նկատառումներով, քանի որ ռուս խաղաղապահներու յոյսին մնալը այնքան ալ ապահով չէ արցախցիներուն համար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment