Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Անգարա Պատրաստ է Ընդառաջել Երեւանին, Եթէ Պաքու Գոհ Ըլլայ…

Անգարա Պատրաստ է Ընդառաջել Երեւանին, Եթէ Պաքու Գոհ Ըլլայ…

by MassisPost

Թուրքիան Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով վերահաստատած է իր մօտեցումը, որ պատրաստ են ընդառաջել Երեւանէն եկած դրական ազդակներուն, բայց իրենց քայլերը կը համաձայնեցնեն նաեւ Պաքուի հետ:

Նախագահ՝ Թայէպ Էրտողանի հետ Ֆիզուլի եւ Զանգելան կատարած այցելութենէն յետոյ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարար՝ Մեւլութ Չաւուշօղլուն CNN Türk-ի եթերով խօսած է նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու ապագայի մասին։ Չաւուշօղլուն նշած է, որ վերջին այցի ժամանակ ատրպէյճանցի պաշտօնակիցի՝ Ճէյհուն Պայրամովի եւ միւս գործընկերներու հետ քննարկած են տարածաշրջանային կայունութեան ու համագործակցութեան ապահովման ուղղուած համատեղ քայլերը:

«Պատերազմը աւարտած է եւ հիմա Ատրպէյճանի առաջարկի համաձայն կողմերու միջեւ խաղաղութեան պայմանագիր պէտք է ստորագրուի: Սակայն Հայաստանէն այս հարցով դրական պատասխան դեռ չէ հնչած», – ընդգծած է Մեւլութ Չաւուշօղլուն։

Թուրքիոյ արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարը նաեւ ըսած է, թէ պատրաստ են նաեւ եռակողմ՝ Անգարա-Պաքու-Երեւան ձեւաչափով քննարկել այս հարցը:

Օրերս Թուրքիոյ նախագահ՝ Թայէպ Էրտողան եւս Ատրպէյճանի նախագահի հետ Զանգելանի մէջ համատեղ ասուլիսի ժամանակ ընդգծած էր, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը շաղկապուած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ առկայ խնդիրներու լուծման հետ: Ան յայտարարած էր, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով Անգարայի դիրքորոշումը անփոփոխ է՝ Երեւանը պէտք է քաղաքական կամք ցուցաբերէ եւ լուծէ խնդիրները Ատրպէյճանի հետ: Այս շրջածիրէն ներս Էրտողանը կարեւորած էր կողմերու միջեւ պետական սահմաններու յստակացումն ու փոխադարձաբար ճանաչումը:

«Եթէ Հայաստանը անկեղծ կամք ցուցաբերէ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ, ապա Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար ոչ մէկ խոչընդոտ կը մնայ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment