Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պատկան Մարմինները Արգելք Հանդիսացած Են, Որ Սեւան Նշանեան Յունաստան Վերադառնայ

Պատկան Մարմինները Արգելք Հանդիսացած Են, Որ Սեւան Նշանեան Յունաստան Վերադառնայ

by MassisPost

Պատմաբան՝ Սեւան Նշանեան իր դիմատետրեան էջին վրայ գրած է, որ արտասահմանեան փոքրիկ շրջագայութենէ յետոյ Աթէնք վերադառնալու ժամանակ օդակայանին մէջ ոստիկանները կանգնեցուցած եւ արտաքսած են զինք երկրէն՝ առանց բացատրութիւն տալու։

Սեւան Նշանեան Յունաստանի կողմէ անբաղձալի անձ հռչակուած է։ Յունաստանի պետական բարձրաստիճան մարմինները արգիլած են իր երկիր մուտք գործելը՝ պատճառաբանելով, որ ան ազգային անվտանգութեան տեսակէտէ վտանգաւոր անձնաւորութիւն մըն է։ Երբ Սեւան Նշանեան հետաքրքրուած է պատճառներով՝ իրեն յայտնուած է, որ սա պետական գաղտնիք է։

Սեւան Նշանեան շեշտած է, որ ան արդէն 4 տարի է ամուսնացած է Յունաստանի քաղաքացիի հետ եւ որեւէ խնդիր չէ ունեցած յոյն իրաւապահ մարմիններու հետ։

«2017 թուականին Թուրքիոյ բանտէն փախելէ ետք կ’ապրէի Յունաստանի Սամոս կղզիի փոքրիկ գիւղի մը մէջ։  Թուրքիոյ մէջ գրքերուս հրատարակութիւններէն ու ընկերային կայքերէ եկող գումարային վարձատրութիւններով կրցած եմ ապրիլ, նաեւ երբեմն փոքր շրջագայութեան մեկնած եմ, սակայն այժմ չեմ գիտեր թէ ուր պիտի երթամ եւ ինչպէս նոր կեանք պիտի սկսիմ այլ երկրի մէջ, երբ արդէն 66 տարեկան եմ», գրած է Սեւան Նշանեան։

Անբաղձալի անձ հռչակման հաւանական պատճառներուն շուրջ Սեւան Նշանեան հանդէս եկած է ենթադրութիւններով։ Այսպէս, անցեալ տարի ան սկսած է հետազօտել հիւսիսային Յունաստանի եւ Պուլկարիոյ տեղանունները, այսինքն զանազան վայրերու նախկին անունները։ Այդ ուսումնասիրութիւններու լոյսին տակ Սեւան Նշանեան յայտնաբերած է, որ հիւսիսային Յունաստանի տեղանուններու (վայրերու նախկին անուններու) կէսը թրքերէն է, իսկ կէսն ալ՝ պուլկարերէն։ Այսինքն յունարէնով գրեթէ տեղանուն մը չկայ։ Ուստի, Սեւան Նշանեան կը հետեւցնէ, որ այս երեւոյթները պետութիւններու տեսակէտէ կ’ընկալուին չափազանց գերզգայնութեամբ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment