Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կիպրոսի ՍԴ Հնչակեան Կուսակցութեան Յայտարարութիւնը, ԱԺ Նախագահ Ալեն Սիմոնեանի Այցի Կապակցութեամբ

Կիպրոսի ՍԴ Հնչակեան Կուսակցութեան Յայտարարութիւնը, ԱԺ Նախագահ Ալեն Սիմոնեանի Այցի Կապակցութեամբ

by MassisPost

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Կիպրոսի Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան անունով կ’ողջունենք` Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահ՝ Տիար Ալեն Սիմոնեանի պետական այցը Կիպրոս և միեւնոյն ատեն անընդունելի կը համարենք, կարգ մը անձանց կողմէ անոր այցի դէմ բողոքի ակտը` համայն կիպրահայութեան անունով ներկայացնելու միտումը:

Մենք կը կարեւորենք Հայաստան-Կիպրոս կապերու աւելի ամրապնդումն ու խորացումը և տարակուսելի կը գտնենք` Հայաստանի ներքին քաղաքական տարակարծութիւնները՝ Հայաստանի և հայութեան բարեկամ երկրի մը հանրութեան սեփականութիւնը դարձնելու ճիգը, որ միայն կը վնասէ Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային վարկին և հեղինակութեան:

Անգամ մը եւս կ’ուզենք շեշտել, որ Հայաստանի և Արցախի համար այս ճակատագրական ժամանակահատուածին, օրուայ գլխաւոր հրամայականը միասնականութիւնը և համախմբուածութիւնն է:

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան
Կիպրոսի Շրջանի Վարիչ Մարմին
Նիկոսիա, Հոկտեմբեր 25, 2021

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment