Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մոսկուայի Մէջ Կայացաւ Փաշինեան-Փութին Հերթական Հանդիպումը

Մոսկուայի Մէջ Կայացաւ Փաշինեան-Փութին Հերթական Հանդիպումը

by MassisPost

Հոկտեմբեր 12-ին, Մոսկուայի մէջ կայացաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ հերթական հանդիպումը, որ չորրորդն էր այս տարու ընթացքին:

Հանդիպումի սկսնաւորութեան Ռուսաստանի նախագահը լրագրողներու ներկայութեան  ըսաւ. «Մեր այսօրուայ հիմնական հարցը տարածաշրջանային կարգաւորումն է` երկարաժամկէտ կտրուածքով», Մոսկուայի մէջ Նիկոլ Փաշինեանը ընդունած ատեն ըսած է Վլատիմիր Փութին: Ռուսաստանի նախագահը նշած է, որ Հայաստանի վարչապետի հետ պիտի քննարկեն ընթացիկ հարցերը թէ’ պաշտօնական եւ թէ’ ոչ պաշտօնական միջավայրի մէջ:

իր պատասխան խօսքին մէջ Փաշինեան ըսաւ.  «Ղարաբաղեան խնդիրը մնում է չկարգաւորուած, խնդրի լուծման, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասում անվտանգութեան ապահովման հարցում Ռուսաստանն առանցքային դեր է խաղում»:

Հայաստանի կառավարութեան աղբիւրները յայտնած են որ, երկու երկիրներու ղեկավարները  քննարկած են Նոյեմբեր 9-ի եւ Յունուար 11-ի եռակողմ յայտարարութիւններու իրագործման ընթացքին, տարածաշրջանի կայունութեան ամրապնդման, տնտեսական կապերու վերականգնման հետագայ քայլերուն ու տեղի ունեցող զարգացումներուն վերաբերող հարցեր:

Նիկոլ Փաշինեան ու Վլատիմիր Փութին անդրադարձած են նաեւ հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններու օրակարգին, ինչպէս նաեւ համարկման միաւորումներու հետագայ փոխգործակցութեան վերաբերող հարցերուն:

Ռուս մեկնաբաները նկատած են, որ Փաշինեան-Փութին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող հերթական բանակցութիւնները պիտի անցնին Հարաւային Կովկասի իրավիճակի նոր լարուածութեան եւ իրան-ատրպէյճանական փոխադարձ կոշտ յայտարարութիւններու ֆոնին:

Ռուսաստանեան «Քոմերսանթՙ թերթը, յղում ընելով Հայաստանի կառավարական օղակներուն մէջ իր անանուն աղբիւրին, գրած է, թէ Հարաւային Կովկասի մէջ Իրանի եւ Թուրքիոյ մասնակցութեամբ ապակայունացման սպառնալիքը կը մտահոգէ Երեւանը, առաւել եւս, որ այդ գործընթացներու կեդրոնը կը գտնուի Հայաստանի հարաւային սահմաններուն մօտ: «Հայաստանը կը ցանկայ ստանալ իր հարաւային շրջաններուն մէջ անվտանգութեան երաշխիքներ Մոսկուայէն», – գրած է պարբերականը:

Երրորդ օրն է, որ Մոսկուա է նաեւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար` Արշակ Կարապետեանը: Ան հանդիպած է ՌԴ պաշտպանութեան նախարար` Սերկէյ Շոյկուի հետ: Հայաստանի ռազմական գերատեսչութիւնը միայն Հոկտեմբեր 12-ին հաղորդագրութիւն տարածեց այցի մանրամասնութիւններուն  մասին‘ յայտնելով, որ անոնք հանդիպման ընթացքին քննարկած են պաշտպանական ոլորտի մէջ հայ-ռուսական համագործակցութեան, հայ-արպէյճանական սահմանային իրադրութեան եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր:

Հոկտեմբեր 11-ին նաեւ Մոսկուա ժամանած էր Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը, ան  հանդիպած է Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ Քիրիր Պատիրարքին հետ, իսկ վաղը կը կայանայ տարածաշրջանի հոգեւոր առաջնորդներու եռակողմ հանդիպում‘ Ատրպէյճանի հոգեւոր առաջնորդի մասնակցութեամբ: Գարեգին Երկրորդը շեշտած է, որ հայ ժողովուրդն ու Հայաստանը այսօրուայ դժուարին ժամանակները կը կարողանան յաղթահարել «Աստծոյ օգնութեամբ», հաւատքի, բարեկամ երկիրներու եւ առաջին հերթին Ռուսաստանի աջակցութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment