Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Իրանի Մէջ 12 Անձ 15 Տարուայ Ազատազրկման Դատապարտուած Է 2020-Ի Ղարաբաղեան Պատերազմի Աջակցութեան Համար

Իրանի Մէջ 12 Անձ 15 Տարուայ Ազատազրկման Դատապարտուած Է 2020-Ի Ղարաբաղեան Պատերազմի Աջակցութեան Համար

by MassisPost

Իրանի մէջ 12 մարդ ձերբակալուած է 2020 թուականի Ղարաբաղեան պատերազմի աջակցութեան հաւաքին մասնակցելուն համար։ Ձերբակալուածները ատրպէյճանցիներ են, յայտնած է «Թուրան» գործակալութիւնը։

Հաղորդուած է, որ Իրանի՝ ատրպէյճանցիներով բնակեցուած Արտեպիլ քաղաքի դատարանը մեղադրեալները 15 տարուայ ազատազրկման դատապարտած է եւ ենթարկած 888 մտրակի հարուածի։ Անոնք մեղադրուած են ոստիկանութեան դէմ անկարգութիւններ հրահրելու եւ անկարգութիւններ իրագործելու յօդուածներով։

44-օրեայ պատերազմի մեկնարկին իրանաբնակ հարիւրաւոր ատրպէյճանցիներ փողոց իջած էին եւ իրենց աջակցութիւնը յայտնած Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն։ Հաւաքի ընթացքին ձերբակալուած էր քանի մը տասնեակ անձ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment