Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Միացեալ Նահանգներ Կը Փորձէ Հայաստանը Եւ Ատրպէյճանը Բանակցային Սեղան Վերադարձնել

Միացեալ Նահանգներ Կը Փորձէ Հայաստանը Եւ Ատրպէյճանը Բանակցային Սեղան Վերադարձնել

by MassisPost

Պաշտօնական Ուաշինկթընը կը փորձէ Պաքուն եւ Երեւանը բանակցային սեղանի շուրջ վերադարձնել, յայտարարած է Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լի Լիցենպըրկըրը։

«Դեռ կան հարցեր, որոնք կարգաւորուած չեն Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ։ Ես չեմ կրնար նախապէս կանխատեսել, թէ անոնք ինչպէս կը լուծուին։ ԱՄՆ-ը կը ձգտի կողմերը հրաւիրել բանակցութիւններու, որպէսզի անոնք (չլուծուած հարցերը) լուծուին արդարացի եւ իրաւահաւասարութեան սկզբունքով։ Անոր համար անհրաժեշտ է որոշակի ժամանակ եւ գործընթաց», – ատրպէյճանական «Թուրան» գործակալութեան հաղորդմամբ՝ ըսած է ամերիկացի դեսպանը։

Դիւանագէտը շեշտած է, որ Ուաշինկթընը կը ձգտի իր ներդրումը ունենալ ինչպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ծիրէն ներս, այնպէս ալ կողմերուն հետ առանձին աշխատելով։ «Մենք մեր կողմէն պիտի շարունակենք օգնել կողմերուն, որպէսզի տարածաշրջանի բոլոր բնակիչները կարողանան ապրիլ խաղաղ պայմաններու մէջ։ Միացեալ Նահանգները կը ձգտի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ համագործակցութեան հնարաւարութիւններ գտնել», – յայտարարած է Ատրպէյճանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment