Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Ամերիկահայ Արտեմ Փաթափութեան՝ Բժշկագիտութեան Ոլորտի Նոպէլեան Մրցանակակիր

Ամերիկահայ Արտեմ Փաթափութեան՝ Բժշկագիտութեան Ոլորտի Նոպէլեան Մրցանակակիր

by MassisPost

Բժշկագիտութեան ոլորտի 2021 թուականի Նոպէլեան մրցանակը շնորհուեցաւ ամերիկահայ հետազօտող՝ Արտէմ Փաթափութեանին եւ Տէյվիտ Ճուլիըսին ։ Նոպէլեան կոմիտէի հաղորդագրութեան համաձայն՝ մրցանակը շնորհուած է ջերմութեան եւ շօշափելիքի ընկալիչներու յայտնագործութեան համար։

54-ամեայ Արտէմ Փաթափութեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին ընտանիքնին հետ փոխադրուած է Միացեալ Նահանգներ։ Ներկայիս կը ղեկավարէ SCRIPPS գիտական հաստատութեան «Փաթափութեան փորձագիտական տարրալուծարանը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment