Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կառավարութիւնը Ընդունեց Աննախադէպ 4.4 Միլիառ 483 Միլիոն ԱՄՆ Տոլարի Պետական Պիւտճէի Նախագիծը

Կառավարութիւնը Ընդունեց Աննախադէպ 4.4 Միլիառ 483 Միլիոն ԱՄՆ Տոլարի Պետական Պիւտճէի Նախագիծը

by MassisPost

Կառավարութեան Սեպտեմբեր 30-ի նիստին հաւանութեան արժանացաւ 2022-ի պետական պիւտճէի նախագիծը, ըստ որուն գալիք տարի պետութեան ծախսերը կը կազմեն աննախադէպ 2 թրիլիոն 188 միլիառ դրամ (այսօրուայ փոխարժէքով՝ աւելի քան 4 միլիառ 483 միլիոն ԱՄՆ տոլար), ինչ որ 2021-ի պետական պիւտճէէն աւելի է 338 միլիառ դրամով։

Այդքանով հանդերձ, գալիք տարի կառավարութիւնը կը ծրագրէ ստանալ 1 թրիլիոն 946 միլիառ դրամ եկամուտ։ Տարբերութիւնը՝ 242 միլիառ դրամ կամ գրեթէ կէս միլիառ տոլար, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած գրասենեակը մտադիր է պարտք վերցնել, սակայն ի տարբերութիւն նախորդ տարիներուն, ըստ 2022-ի պետական պիւտճէի մասին օրէնքի նախագիծի, գործադիրը մտադիր է պարտք վերցնել միայն ներքին՝ հայաստանեան աղբիւրներէ։

«2022 թուականի պիւտճէն յենւում է 3 հիմնական առաջնահերթութիւնների վրայ: Առաջինը՝ անվտանգութեան համակարգի բարեփոխում, երկրորդը՝ ենթակառուցուածքների զարգացում, երրորդը՝ կրթութեան եւ գիտութեան արդիականացում: Մեծ ուշադրութիւն ենք դարձնելու անվտանգութեան ապահովմանը, առանց որի հնարաւոր չի լինի իրագործել երկարաժամկէտ զարգացման նպատակները», – կառավարութեան նիստին նշեց վարչապետը:

2022-ի պետական պիւտճէով կը նախատեսուի Պաշտպանութեան նախարարութեան յատկացնել 345,4 միլիառ դրամ կամ այսօրուայ փոխարժէքով աւելի քան 707 միլիոն տոլար, ինչ որ 10,8 տոկոսով աւելի է ռազմական գերատեսչութեան այս տարուայ ծախսերէն։ Ոստիկանութեան գալիք տարուայ ծախսերը կը կազմեն 66,5 միլիառ դրամ կամ 2,9 տոկոսով աւելի այս տարուայ ծախսերէն։ 2021-ի համեմատ էապէս՝ 22,7 տոկոսով պիտի աճին Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան յատկացուած միջոցները եւ կը կազմեն 42,6 միլիառ դրամ։

Ռազմարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ երկրատեխնիկական հետազօտութիւններու համար գալիք տարի կը յատկացուի 5,2 միլիառ դրամ, ինչ որ 15,5 տոկոսով աւելի է այս տարուայ յատկացումէն։ Ընդհանրապէս, գիտութեան ֆինանսաւորումը 2021-ի համեմատ կ’աճի գրեթէ 83 տոկոսով՝ կազմելով 25,1 միլիառ դրամ, կառավարութեան նիստին յայտարարեց Ֆինանսներու նախարարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment