Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի (ԱՄՀ) այսօրուայ՝ Սեպտեմբեր 16-ի հրապարակման համաձայն, այս տարի Հայաստանը կը փակէ 6,5 տոկոս տնտեսական աճով։ Գալ տարի կը սպասուի 4,5 տոկոս աճ։
Յիշեցնենք, որ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Յուլիսի սկիզբը, կառավարութեան նիստի ժամանակ յայտարարեց, որ այս տարի Հայաստանը տնտեսութիւնը կը փակէ 6 տոկոս տնտեսական աճով՝ գրեթէ երկու անգամ աւելի, քան կառավարութիւնը կը սպասէր անցեալ տարուայ վերջին՝ 3.2 տոկոս։