Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Գորիս-Կապան Ճանապարհին Ատրպէյճանցիները Երկու Իրանցի Վարորդ Ձերբակալած են

Գորիս-Կապան Ճանապարհին Ատրպէյճանցիները Երկու Իրանցի Վարորդ Ձերբակալած են

by MassisPost

Գորիս-Կապան ճանապարհին ատրպէյճանցիները իրանական բեռնատարներու երկու վարորդ ձերբակալած են։ Այսօր՝ Սեպտեմբեր 15-ի երեկոյեան «Թուրանին» ըսած են Ատրպէյճանի ներքին գործոց նախարարութենէն։

Նոյն աղբիւրի հաղորդմամբ` տուեալ անձերը անօրինական մտած են Ատրպէյճանի տարածք։ «Հայաստանէն ինքնաշարժեներու անօրինական մուտքը Ատրպէյճան տեղորոշած են ՆԳՆ-ի, սահմանապահ եւ մաքսային ծառայութիւններու աշխատակիցները։ Խախտողներուն նկատմամբ կը կիրառուին Ատրպէյճանի օրէնսդրութեան համապատասխան միջոցներ»,- ըսած է «Թուրանի» աղբիւրը։

Գորիս-Կապան ճանապարհի Որոտանի հատուածին ատրպէյճանցի ոստիկաններն ու սահմանապահները արդէն 4-րդ օրն է, որ կը կանգնեցնեն իրանական բեռները Հայաստան տեղափոխող վարորդները: Այս ճանապարհին ատրպէյճանցիներու նոր հսկիչ կէտը կիրակի օրուընէ կը գործէ: Այդ օրը Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը տեղեկացուցած էր, թէ հայ ու ռուս սահմանապահները աշխատանքներ կ’իրագործեն իրավիճակը կարգաւորելու համար:

Երկուշաբթի օր, յղում ընելով ատրպէյճանական օրէնսդրութեան, Պաքուն կատարուածը օրէնքի պահանջ որակեց եւ թէ Ատրպէյճան օտարերկրեայ փոխադրային միջոցներու իւրաքանչիւր մուտք ու ելքի համար կը գանձէ ճանապարհային հարկ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment