Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետը Ընդունած է ԵՄ-ի Յատուկ Ներկայացուցիչը

Վարչապետը Ընդունած է ԵՄ-ի Յատուկ Ներկայացուցիչը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով ԵՄ-ի յատուկ ներկայացուցիչ՝ Թոյվօ Քլաարը եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Վարչապետը գնահատելով ՀՀ-ԵՄ գործակցութիւնը՝ կարեւորած է այս տարի Յուլիսին Եւրոպական խորհուրդի նախագահի եւ Եւրոպական յանձնաժողովի հարեւանութեան եւ ընդլայնման հարցերով յանձնակատարի այցերը Հայաստան եւ նշած, որ ներկայիս Կառավարութիւնը կ’աշխատի այդ այցերու արդիւնքներով ԵՄ-ի կողմէ Հայաստանին տրամադրուած 2,6 միլիառ եւրօ ֆինանսական փաթեթի առաջնահերթութիւններու վերջնականացման ուղղութեամբ:

Թոյվօ Քլաարը վերահաստատած է ԵՄ-ի քաղաքական յանձնառութիւնը՝ շարունակելու օժանդակութիւնը մեր երկրին, Հայաստանի կողմէ առաջնահերթ համարուող ուղղութիւններով:

Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան օրակարգի հարցեր: Անդրադարձած են ենթակառուցուածքներու, առեւտրատնտեսական, գործարար եւ այլ ոլորտներու կապերու զարգացման հեռանկարներուն:

ՀՀ վարչապետը եւ ԵՄ-ի յատուկ ներկայացուցիչը մտքեր փոխանակած են ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ: Երկուստեք ընդգծուած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրէն ներս բանակցութիւններու վերսկսման կարեւորութիւնը: Կողմերը անդրադարձած են տարածաշրջանային նշանակութեան այլ հարցերու եւս, մտքեր փոխանակած փոխադրային հաղորդակցութեան ուղիներու բացման շուրջ, տեղեկացուցած են կառավարութենէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment