Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Արտակ Բեգլարյանը Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան 102րդ Տարեժողովի Ճաշկերոյթի Հիւր Պատգամաբեր

Արտակ Բեգլարյանը Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան 102րդ Տարեժողովի Ճաշկերոյթի Հիւր Պատգամաբեր

by MassisPost

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան 102րդ Տարեժողովի Ճաշկերոթը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 23 Հոկտեմբեր 2021-ին, Ֆրէզնոյի Առաջին Հայ Երիցական Եկեղեցիի դահլիճին մէջ, որու ընթացքին ելոյթ պիտի ունենայ Արցախի Հանրապետութեան Պետական Նախարար՝ Արտակ Բեգլարյանը։

Աւետարանչականի Վարչական Խորհուրդի անդամ՝ ԼինտաՔէյ Ապտուլեան՝ National Raisin Company-ի նախագահ՝ պիտի համադրէ եւ հանդիսավարէ այս տարուան Ճաշկերոյթը։ Տիկին Ապտուլեան եւ իր ամուսինը՝ Տօքթ. Ճան Ապտուլեան, նաեւ պիտի հովանաւորեն Ճաշկերոյթի ծախսերը, նպատակ ունենալով Աւետարանչականը ծանօթացնել Ֆրէզնոյի Հայ համայնքին՝ յատկապէս երիտասարդ սերունդին։

Աւետարանչականը հիմնուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու կողմէ՝ 1918-ին, Հայոց Ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական համայնքներուն եւ եկեղեցիերուն վերահաստատման համար։ Այդ աշխատանքը մեծապէս ընդլայնուեցաւ Հայաստանի 1988-ի աւերիչ երկրաշարժէն,  Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացումէն եւ 1990-ի Արցախի ազատագրման պայքարէն ետք։ Աւետարանչականը այդ ժամանակաշրջանին կառուցեց դպրոցներ, ցերեկային կեդրոններ, եկեղեցիներ եւ Քրիստոնէական ճամբարներ՝ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։ Չնայած 2020-ի պատերազմի հետեւաքով տեղի ունեցող աւերածութիւններուն, Աւետարանչականը կը շարունակէ վճռակամօրէն հոգալ տուժած ընտանիքներուն եւ երեխաներուն պէտքերը։ «Ես անհամբեր եմ լսելու մեր Արցախի Պետական Նախարարէն երկրի ներկայ վիճակին մասին, եւ թէ ինչպէս մեր հայրենակիցները կը դիմագրաւեն ներկայ կացութիւնը։ Մեր ընտանիքը օգնեց կառուցել հրաշալի Քրիստոնէական ճամբար մը Շուշիի մէջ, որ հիմա աւերուած է պատերազմի պատճառով։ Մենք կորսնցուցինք զայն, բայց զիս աւելի վրդովեցնողը այն է, որ մեր ճամբարի առաքելութիւնն ալ կորսնցուցինք։ Այսօր շատեր շնորհակալութիւն կը յայտնեն մեզի այդ ճամբարին համար» ըսաւ Տիկին Ապտուլեան։

Ճաշկերոյթի պատուոյ հիւրը՝ Արցախի Հանրապետութեան Պետական Նախարար Արտակ Բեգլարյանը, 1990-ական թուականներուն յաճախած է Աւետարանչականի ամառնային ճամբարը Արցախի մէջ եւ այնտեղ ստացած իր Քրիստոնէական դաստիարակութիւնը կը համարէ իր ծառայողական մտածելակերպի զարգացման նպաստող հանգամանք։ 2020-ին պատերազմի ժամանակ ան ծառայած է որպէս Արցախի Մարդու իրաւունքներու Պաշտպան։ Այդ պաշտօնով ան կը լուսաբանէր պատերազմը ամէնօրեայ հանրային թարմացումներով եւ Արցախի ժողովուրդին դէմ Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուած ռազմական յանցագործութիւններու վերաբերեալ հրապարակային զեկոյցներով։

Բեգլարյանը իր մանուկ հասակէն կորսնցուցած է տեսողութիւնը երբ ընտանիքի բակին մէջ յայտնաբերուած ականը պայթած է։ Անոր հայրը զոհուած էր պատերազմի մէջ այդ ժամանակահատուածէն ընդամէնը երկու տարիներ առաջ։ Ան յաճախած է Երեւանի մէջ կոյրերու յատուկ վարժարան։ 2010-ինԵրեւանի Պետական Համալսարանը աւարտելէ ետք, ան ուսումը շարունակած Յունաստանի Թէսալոնիք քաղաքի առեւտրական դպրոցին մէջ, մասնակցած Չեխիայի եւ Զուիցերիոյ մէջ միջազգային ծրագիրներու եւ հետազօտական դասընթացքներու եւ իր մագիստրոս աստիճանի կրթութիւնը Լոնտոնի մէջ՝ քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան ոլորտներուն մէջ։ Ան նաեւ աւարտած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ Հանրային քաղաքականութեան եւ կառավարման ծրագիրը՝ ԹաՖթս (Tufts) համալսարանի Ֆլէթչըր Իրավաբանական դպրոցը՝ Պոսթոնի մօտ։

Բեգլարյանը Արցախի մէջ վարած է շարք մը բարձրաստիճան պետական պաշտօններ։ Ան նաեւ դասախօսած է Արցախի պետական համալսարաններուն մէջ՝ քաղաքագիտութեան նիւթերու շուրջ։

Աւետարանչականի ճամբարը ուր Բեգլարյան յաճախած է իր մանկութեան տարիներուն, կը գտնուէր Ստեփանակերտի մօտ։ Այդ ճամբարը 2003-ին տեղափոխուած է Շուշի եւ հովանաւորուած Պետրոսեան ընտանիքին կողմէ։ Պետրոսեաններու ներդրումը ճամբարի ծրագրին համար եղած է շուրջ 600,000 Ամերիկեան տոլար։ Ամէն տարի Պետրոսեան ճամբարը սպասարկած է շուրջ 800 մանուկներու։

2016ի եւ 2020ի ատրպէյճանական յարձակումներու ընթացքին Ճամբարին մէջ պատսպարուած էին սահմանային շրջաններէ ընտանիքներ։ «Պետրոսեան ընտանիքը միշտ զգացած է, որ մեր Քրիստոնէական պարտականութիւնն է օգնել հայերու՝ հասնելու յաջողութեան» ըսած է ԼինտաՔէյի զարմիկը եւ Աւետարանչականի Վարչական Խորհուրդի անդամ Պրայըն Պետրոսեանը։ «Մենք կը ցաւինք ճամբարին եւ Շուշեցիներուն համար։ Բայց յոյս ունինք եւ կ’աղօթենք, որ Պետրոսեան Ճամբարը պիտի վերադառնայ»։

ԼինտաՔէյ Ապտուլեանը 25 տարիներէ աւելի ներգրաւուած է Աւետարանչականի աշխատանքներուն մէջ որպէս անդամ Որբերու եւ Մանուկներու Խնամակալութեան Յանձնաժողովին։ «Երբ Աւետարանչականի միջոցով քու ժամանակդ եւ տաղանդդ կը յատկացնես, կարեւոր չէ թէ որքա՞ն կու տաս կամ կը ստանաս, այլ դուն ի՞նչ կ’ըլլաս։ Ես դարձայ մարդասէր՝ նուիրուած Հայ Քրիստոնէական գործերու։ Ես շարունակեցի իմ ներգրաւուածութիւնը Աւետարանչականին, քանի որ տեսայ փոփոխութիւն երեխաներուն մէջ, որոնց մենք կը ծառայենք» կ’ըսէ Տիկին Ապտուլեան։

Աւետարանչականի Գործադիր Տնօրէն Զաւէն Խանճեան խօսելով հայ ժողովուրդի ներկայ տառապանքներուն մասին, անդրադարձաւ իր վերջին այցին այդ շրջանները։ «Տեսայ թէ ինչ ազեցութիւն ունի Աւետարաչականը մարդոց կեանքին վրայ։ Իւրաքանչիւր կեանքի վրայ։ Չորս շաբթուայ խռովայոյզ ճամբորդութենէ վերադարձիս դիմագրաւեցի այն հարցումը թէ ի՞նչ տարի եւ ի՞նչ բերի ։ Երկար չտեւեց պատասխանս խտացնել երկու պարզ բառերու մէջ.- ‘ Տարի ՅՈՅՍ եւ բերի ՆԵՐՇՆՉՈՒՄ’։ ՅՈՅՍը յուսահատութեան եւ ընկճուածութեան դեղատոմսն է, աչքի կաթիլ՝ աղօտած տեսողութեան եւ վերականգման եւ վերակենդանացման կախարդական բանալին»։

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան 102րդ Տարեժողովը եւ անոր յարակից գործունէութիւնները այս տարի տեղի պիտի ունենան Ֆրէզնոյի Հայ Աւետարանական Պանդխտաց Եկեղեցիին մէջ, Հոկտեմբեր 21-24 օրերուն, առցանց միանալու տարբերակով։ Արձանագրութեան եւ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կրնաք այցելել Աւետարանչականի կայքէջը www.amaa.org

Աւետարանչականի 102րդ Տարեժողովի Ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Հոկտ. 23-ին – Երեկոյեան ժամը 6։30 հիւրասիրութիւն եւ ժամը 7։00-ին ընթրիք, Ֆրէզնոյի Առաջին Հայ Երիցական Եկեղեցիի դահլիճին մէջ 430 S. First Street, Fresno, CA 93702։ Տոմսերը 50 Ամերիկեան տոլար են՝ Ճաշկերոյթի հովանաւորութեան տարբեր մակարդակներով։ Տոմսերու համար կրնաք դիմել Աւետարանչականի կեդրոնատեղին AMAA, 31 W. Century Road, Paramus, NJ 07652 հասցէով, 201.265.2607 հեռախօսահամարով։ Կրնաք նաեւ ձեր տեղերը ապահովել այցելելով Աւետարանչականի կայքէջը www.amaa.org

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment