Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Միրզոյեան Հաւաստիացուցած է` Հայկական Կողմը Կը Սատարէ Մինսքի Խումբի Համանախագահութեան Դիրքորոշումը

Միրզոյեան Հաւաստիացուցած է` Հայկական Կողմը Կը Սատարէ Մինսքի Խումբի Համանախագահութեան Դիրքորոշումը

by MassisPost

Արտաքին գործոց նախարար՝ Արարատ Միրզոյեան ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի Ֆրանսայի համանախագահ՝ Ստեֆան Վիսքոնթիի եւ Ֆրանսայի ԱԳՆ Եւրոպայի բաժանմունքի փոխ տնօրէն՝ Սիլվըն Կիյոկէի հետ քննարկած է ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին առնչուող շարք մը հարցեր:

Արարատ Միրզոյեան Ֆրանսայի համանախագահի ուշադրութիւնը հրաւիրած է 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած մարդասիրական իրավիճակին: Ըստ նախարարութեան հաղորդման` Միրզոյեան շեշտած է Ատրպէյճան պահուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերու շուտափոյթ եւ անվերապահ վերադարձի անհրաժեշտութիւնը։

Անոնք ընդգծած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի վերսկսման անհրաժեշտութիւնը՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան հովանիի ներքոյ: Արարատ Միրզոյեան վերահաստատած է, որ հայկական կողմը կը սատարէ արցախեան երկրորդ պատերազմէն յետոյ Մինսքի խումբի համանախագահութեան համատեղ յայտարարութիւններով հնչեցուած դիրքորոշումը, մասնաւորապէս՝ յայտնի սկզբունքներու եւ տարրերու հիման վրայ հակամարտութեան տեւական եւ կայուն կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment