Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Խորհրդարանէն Ներս Տեղի Ունեցած Ծեծկռտուքի Դէպքին Առիթով՝ Մէկ Քրէական Գործ

Խորհրդարանէն Ներս Տեղի Ունեցած Ծեծկռտուքի Դէպքին Առիթով՝ Մէկ Քրէական Գործ

by MassisPost

Ազգային ժողովէն ներս մօտ երկու շաբաթ առաջ տեղի ունեցած ծեծկռտուքի դէպքի առիթով Յատուկ քննչական ծառայութենէն ներս քրէական գործ յարուցուած է միայն «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր՝ Դաշնակցական Գեղամ Մանուկեանը ծեծելու դրուագով։

«Oգոստոսի 25-ին տեղի ունեցած մնացած դէպքերի մասով որոշում է կայացուել մերժել քրէական գործի յարուցումը», – յայտնած են նախաքննական մարմնէն։

«Մեր խմբակցութեան այն պատգամաւորները, որոնք հրաւիրուած են եղել ՅՔԾ յստակ խօսել են կազմակերպուած խմբակային խուլիգանութեան մասին», – «Ազատութիւն»ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Գեղամ Մանուկեան։

Գեղամ Մանուկեանի խօսքով, ո՛չ ինքը եւ ո՛չ ալ գործընկերները ցուցմունք չեն տուած առանձին դրուագի մասին, այլ խօսած են իշխող ուժի կողմէ կազմակերպուած խմբակային խուլիգանութեան մասին։ Այն, որ միայն իրեն առնչուող դրուագով քրէական գործ յարուցուած է ու ոչ ընդհանուր իրենց մատնանշած յանցանքի, հերթական անգամ ցոյց կու տայ, որ Յատուկ քննչական ծառայութիւնը քաղաքական պատուէր կը կատարէ. – «Սա կազմակերպուած էր։ Բայց Յատուկ քննչական ծառայութիւնը, դեռ անհասկանալի է ինչպէս փորձեց թեւերը փռի առանձին պատգամաւորների վրայ, եւ մէկ դրուագով։ Այնինչ ես ցուցմունք եմ տուել, որ չեմ էլ յիշում էդ մթնոլորտում եղել է հարուած, չի եղել, ով է եղել»։
Լրատուամիջոցներու տարածած տեսագրութիւններէն մէկուն մէջ կ’երեւի, որ իշխանական պատգամաւոր՝ Հայկ Սարգսեան կը հարուածէ Մանուկեանին։

Իսկ ծեծկռտուքի օրը իշխանական պատգամաւորներէն հարուածներ ստացած էին ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութենէն ԱԺ-ի փոխնախագահ՝ Իշխան Սաղաթէլեանը, պատգամաւորներ՝ Վահէ Յակոբեանը եւ Արթուր Ղազինեանը։ Գեղամ Նազարեանը յայտարարած էր, որ հարուածէն իր աչքը վնասուած է։

Իշխանական պատգամաւոր՝ Վահագն Ալեքսանեան հեգնած է, որ խորհրդարանէն ներս տեղի ունեցածը կազմակերպուած խմբակային խուլիգանութիւն էր, բայց «Հայաստան» խմբակցութեան կողմէ. – «Անչափ հետաքրքրական է, որ այդ յայտարարութիւնը անում է անձամբ Գեղամ Մանուկեանը, ով իր դաշինքի շշանետողների կազմում հասցրել է շիշ նետել «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան կին պատգամաւոր՝ Մարիամ Պօղոսեանի վրայ։ Էստեղ խօսում են կազմակերպուած խուլիգանութեան մասին։ Այո, ես համաձայն եմ, որ դա կազմակերպուած խուլիգանութիւն էր, եւ դա կազմակերպուած խուլիգանութիւն էր «Հայաստան» դաշինքի կողմից»:

Ծեծկռտուքին անձամբ մասնակցած ու ընդդիմադիր՝ Վահէ Յակոբեանին հարուածած իշխող ուժի պատգամաւորը ամբողջութեամբ ընդդիմադիրները կը մեղադրէ խորհրդարանէն ներս տեղի ունեցածի համար, յայտարարած է, թէ մեղաւորը ու պատասխանատուն անոնք են։

Իշխող ուժին մէջ նաեւ արդարացում ունին անոնք իրենց հարուածներուն համար. «Չի կարելի սպասել, որ մի խմբակ պէտք է ամիսներ շարունակ հայհոյի, ամիսներ շարունակ զրպարտի, յետոյ էլ արդէն գայ Ազգային ժողով, փորձի արդէն ֆիզիքական բռնութիւն գործադրել մեր խմբակցութեան նկատմամբ, ու էդ ամէն ինչը մնայ անպատասխան։ Էդ միջադէպը ամբողջութեամբ եւ կատարելապէս սկսուել է «Հայաստան» դաշինքի կողմից։ Սէյրան Օհանեանի նետած շշով, Գեղամ Մանուկեանի կին պատգամաւորի վրայ նետած շշով»:

Յատուկ քննչական ծառայութիւնը յայտնած է, որ գործով դեռ մեղադրեալ, տուժող կամ կասկածեալ չկայ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment