Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Միրզոյեանն ու Բաբայեանը Քննարկած Են ԼՂ Հակամարտութեան Կարգաւորման Վերաբերող Հարցեր

Միրզոյեանն ու Բաբայեանը Քննարկած Են ԼՂ Հակամարտութեան Կարգաւորման Վերաբերող Հարցեր

by MassisPost

Երեւանի մէջ այսօր՝ Սեպտեմբեր 7-ին հանդիպած են Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար՝ Արարատ Միրզոյեանը եւ Արցախի ԱԳ նախարար՝ Դաւիթ Բաբայեանը:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուցած է, որ Միրզոյեանը եւ Բաբայեանը ընդգծած են ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրէն ներս ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի վերսկսման եւ համապարփակ ու տեւական հանգուցալուծման անհրաժեշտութիւնը։

Արտաքին գործոց նախարարները մտքեր փոխանակած են 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակի եւ մարդասիրական խնդիրներու հասցէագրման ուղղութեամբ տեղւոյն կատարուող աշխատանքներու շուրջ։ «Այս համաթեքսթում ԱԳ նախարարներն առանձնայատուկ կարեւորել են հայ ռազմագերիների եւ քաղաքացիական անձանց շուտափոյթ եւ առանց նախապայմանների հայրենադարձումը, ինչպէս նաեւ Արցախի ժողովրդի, յատկապէս՝ տեղահանուած արցախահայութեան իրաւունքների վերականգնման եւ նրանց համապարփակ անվտանգութեան ապահովման համար անհրաժեշտ պայմանների ստեղծումը», – նշուած է հաղորդագրութեամբ։

Արարատ Միրզոյեան եւ Դաւիթ Բաբայեան անգամ մը եւս շեշտած են Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ եւ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հետ շփման գծով «ատրպէյճանական զինուած ուժերի կողմից իրականացուող սադրիչ գործողութիւնների անթոյլատրելիութիւնը, ինչը խաթարում է տարածաշրջանային անվտանգութեանն ու կայունութեանն ուղղուած ջանքերը»։

Արցախի ԱԳՆ-ը հաղորդած է, որ հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են նաեւ արտաքին քաղաքականութեան ոլորտի մէջ Հայաստանի եւ Արցախի համագործակցութեան եւ տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերող հարցեր։

Արցախի ԱԳՆ-էն հանդիպման մասնակցած են նաեւ գլխաւոր քարտուղար՝ Սեմիոն Աֆիեանը եւ ՀՀ-ի մօտ Արցախի մշտական ներկայացուցիչ՝ Սերկէյ Ղազարեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment