Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կառավարութեան Ծրագիրը Ու Ընդդիմութեան Պահուածքը

Կառավարութեան Ծրագիրը Ու Ընդդիմութեան Պահուածքը

by MassisPost

Նորընտիր Խորհրդարանի կազմութենէն ետք առաջին անգամ ըլլալով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ելոյթ ունեցաւ Ազգային Ժողովէն ներս` ներկայացնելու համար կառավարութեան ծրագիրը եւ ստանալու Խորհրդարանի հաւանութիւնը:

Վարչապետի ելոյթի աւարտին, երբ հերթը եկաւ հարց ու պատասխանի բաժնին, նկատելէ էր որ, ընդդիմադիր պատգամաւորները չէին եկած ծրագիրի շուրջ կարծիք յայտնելու, քննադատելու եւ կամ առաջարկներ ներկայացնելու: Անոնց ելոյթները ու հարցադրումները կը վերաբերէին անցեալին, յատկապէս պատերազմին ու անոր յաջորդող զարգացումներուն: Այդ անշուշտ իրենց իրաւունքն է եւ ազատ են խօսելու նախընտրած հարցի մասին: Սակայն, առաջին վայրկեանէն իսկ պարզ դարձաւ որ, նպատակը լուսաբանութիւն ստանալը չէր եւ ոչ ալ վարչապետը նեղ կացութեան   մատնելը, այլ Խորհրդարանը վերածել վայրի մը, ուր կոշտ լեզուակռիւը, վիճաբանութիւնը ու նաեւ ծեծկռտուքը դառնան նորմալ երեւոյթներ:

Իրենց յատուկ փողոցային բառապաշարը փոխադրելով Ազգային Ժողովի դահլիճէն ներս,  պարզ կը դառնայ որ, ընդդիմադիր փոքրաթիւ խմբակը չէ եկած զբաղելու իր հիմնական աշխատանքով` օրէնսդրութեամբ, այլ կը ձգտի խանգարել Ազգային Ժողովի բնականոն աշխատանքը, այն յոյսով որ, որոշ ժամանակ ետք կը կարողանայ ստիպել նոր արտահերթ ընտրութիւններ` յոյս ունենալով հասնելու իր բունն նպատակին` իշխանութեան:

«Դաւաճան», «հողատու»  ու նման բառապաշար օգտագործողներուն Փաշինեան ստիպուած եղաւ յիշեցնել իրենց անցեալի մասին, խօսելով Հոկտեմբեր 27-ի, Մարտ 1-ի, Մեղրին յանձնելու, մարդասպանութեան, պետական գանձի կողոպուտի  ու միլիարներ դիզելու մասին:

«Ժողովուրդն իր քուէարկութեամբ որոշել է` դաւաճանն ով է, անձնատուրը ով է, հողատուն ով է: Ինձ մի ստիպէք, որպէսզի ցոյց տամ, թէ ով պիտի խորշի եւ ով է դաւաճանը` պետութիւնը թալանելով, ով է հողատուն, ով է անձնատուրը: Կոչ եմ անում հանդարտուել»,- ըսաւ Փաշինեան իր խօսքը ուղղելով Խորհրդարանի դահլիճէն ներս նստած նախկին ռեժիմի ներկայացուցիչներուն:

Ինչ կը վերաբերի բուն հարցին` Կառավարութեան յառաջիկայ հնգամեայ ծրագիրին, հոն ամենէն ուշագրաւ դրոյթներէն մին  արտաքին հետախուզական ծառայութիւն ստեղծելու մասին էր: Վերջին պատերազմը եկաւ ցոյց տալու որ, թշնամին աւելի շատ տեղեկութիւն ունէր Հայկական դիրքերու ու կարողութիւններու մասին, քան Հայաստանը Ատրպէյճանի մասին: Արտաքին հետախուզական ծառայութիւնը կրնայ դառնալ այն գործիքակազմը, որու միջոցաւ կարելի կÿըլլայ տեղեկութեան շտեմարան ունենալ գլխաւոր երկու հակառակորդներուն` Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ մասին ու նախապատրաստուիլ Հայաստանի դէմ անոնց յաջորդ քայլերուն:

Կառավարութիւնը  կը խոստանայ նաեւ նուազագոյն աշխատավարձը դարձնել 85 հազար դրամ, կառուցել եւ կամ նորոգել 300 դպրոց ու 500 մանկապարտէզ:

Կառավարութեան ծրագրի կարեւոր նպատակներէ մէկն է շրջել Հայաստանի ժողովրդագրական պատկերը` բարձրացնելով ծնելիութեան մակարդակը: Այս նպատակը իրագոործելու համար բոլոր ընտանիքներու իւրաքանչիւր երրորդ եւ աւելի երեխան` մինչեւ վեց տարեկան, ամէն ամիս պիտի ստանայ 50 հազար դրամ: Ծրագրով կը նախատեսուի նաեւ մինչեւ 2026 երկրի աղքատութեան մակարդակը նուազեցնել գրեթէ կրկնակի` զայն հասցնելով 10 տոկոսի շեմին:

Այս կարեւորագոյն հարցերը ձգած, խորհրդարանէն ներս յայտնուած են մարդիկ, որոնք կը շարժին «որքան վատ, այնքան լաւ» սկզբունքով: Շարունակուող այս ապառողջ մթնոլորտը անկասկած նողկանք կը յառաջացնէ շատ մը քաղաքացիներուն մօտ, երբ անոնք ականատես կ’ըլլան երեւոյթներու, որոնք խորդ են Հայաստանի քաղաքական մշակոյթին: Նման իրավիճակի շարունակութիւնը յուսալքութեան կը մատնէ ժողովուրդը ու կը վնասէ երկրի յառաջիկայ զարգացման:

Թաւշեայ յեղափոխութեան ընձեռած ազատութիւններու չարաշահումը  կը ստիպեն իշխանութիւններուն իրենց կարգին դիմելու հակաքայլերու, որոնք ուշ թէ կանուխ կրնան տանիլ դէպի նահանջ` ժողովրդավարութեան սկզբունքներէն: Ընդդիմութեան ուսերուն կ’իյնայ իջեցնել ջերմաչափը ու չմղել իշխանութեան հասնելու հոն, ուր վնասով դուրս կու գանք ազգովին:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment