Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Խաչատուր Սուքիասեան կը Շարունակէ Պնդել, Որ Սերժ Սարգսեանը Մեծ Գումար Կորսնցուցած Է Խաղատուներու Մէջ

Խաչատուր Սուքիասեան կը Շարունակէ Պնդել, Որ Սերժ Սարգսեանը Մեծ Գումար Կորսնցուցած Է Խաղատուներու Մէջ

by MassisPost

Իշխանական պատգամաւոր՝ Խաչատուր Սուքիասեան կը շարունակէ յայտարարել, թէ Հայաստանի երրորդ նախագահ՝ Սերժ Սարգսեան 100 միլիոն տոլարէն աւելի գումար կորսնցուցած է խաղատուներու մէջ։

«Մեր պետական օդանաւը եկել է համապատասխան տեղից, որտեղ քազինօ կայ, էստեղից գումարները տոպրակներով տարել են, որ վճարեն: Կարող ես խաղալ, յետոյ վճարել», – ըսած է պատգամաւորը:

Պատգամաւորը կը պնդէ, որ  ըսածը հիմնաւոր է, սակայն ապացոյցներ չի հրապարակեր։ Պատգամաւորը այսօր՝ Օգոսոտոս 26-ին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին նաեւ այլ մեղադրանքներ հնչեցուց Հայաստանը 2008-2018 թուականներուն ղեկավարած Սարգսեանի, անոր վարորդի եւ թիկնազօրի պետ եղած Վաչական Ղազարեանի հասցէին ապօրինի հարստութիւն կուտակելու համար։

Եթէ Վաչական Ղազարեանը յեղափոխութենէն յետոյ մեղադրուած է ապօրինի հարստացման համար, ապա Սերժ Սարգսեանին նման մեղադրանք չէ առաջադրուած, նախկին նախագահը կը մեղադրուի պիւտճէէն մօտ կէս միլիառ դրամ գումարի յափշտակութիւնը կազմակերպելու համար։

Սուքիասեանի խօսքով՝ ինքը դեռ աւելի քիչ գումար նշած է, որպէսզի աւելի ապացուցելի ըլլայ իր ըսածը: Պատգամաւորը երէկ Ազգային ժողովի ամպիոնէն կը մեղադրէր Սարգսեանը:

Իշխանական պատգամաւորի՝ երրորդ նախագահին հասցէին հնչեցուած մեղադրանքերու վերաբերեալ Սարգսեանի փաստաբանը հերքում պահանջող հայցի յարուցում կը նախապատրաստէ։ Սուքիասեանի պնդումը Ամրամ Մակինեան կ’որակէ որպէս Սերժ Սարգսեանի բարի համբաւը արատաւորող ակնյայտ զրպարտչական տեղեկութիւն։

Մակինեան այսօր չցանկացաւ մանրամասնութիւններ ներկայացնել հայցադիմումի վերաբերեալ ու մեկնաբանութիւն տալ Սուքիասեանի յայտարարութեան մասին։ Ըսաւ` երբ հայցադիմումը պատրաստ ըլլայ, կը ներկայացնեն։

Սուքիասեան այսօր նաեւ մեղադրաքներ հնչեցուց երրորդ նախագահի փեսայ՝ Միքայէլ Մինասեանի հասցէին. «Փեսան կամ գլխաւոր բժշկի տղան դառնում է տասնեակ հզօր կառոյցների սեփականատէր: Ձեզ հարց եմ տալիս` էտ ի՞նչ, բա ինչո՞ւ չի տիեզերքում մի բան ձեւաւորում, բա ինչի՞ մի հատ այլ երկիր չի բերում, կպցնի Հայաստանին: Տենց շատ արագ մարդը կարա՞յ կարեւոր կառոյցների սեփականատէր դառնայ»:

Բազմաթիւ ձեռնատիրութիւններու սեփականատէր Խաչատուր Սուքիասեանի յայտարարութեան այսօր նաեւ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան փոխնախագահ՝ Արմէն Աշոտեանը անդրադարձած է։ Աշոտեանը հեռավար հարց ուղղած է Սուքիասեանին՝ թէ 90-ականներուն ինչպէ՞ս հարստացած է գործարարը, ո՞րու հետ ունեցած բարեկամական կապի շնորհիւ։ Աշոտեան լրագրողներուն յորդորած է Սուքիասեանին շարք մը հարցեր ուղղել։

2018-ի յեղափոխութեամբ իշխանութենէն հեռացած Սարգսեան դեռ ամիսներ առաջ՝ նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին անդրադարձած էր եւ իր մասին շրջանառուող լուրերին։ Ան արձագանքած էր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մեղադրանքերուն։ Զանոնք կեղծ որակած էր ու պնդած, թէ ընկերները եւ հարիւրաւոր մարդիկ վկայ են, որ ինքը ոչ միայն խաղատուներէ, այլ նաեւ այդ փողոցներէն խուսափած է:

Սերժ Սարգսեան 2013 թուականի ընտրութիւններէն առաջ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողով ներկայացուցած էր գոյքի եւ եկամուտներու յայտարարագիր, ուր նշած էր ունեցուածքը:

Նոյն այդ ունեցուածքը նշուած է նաեւ պաշտօնը թողնելէն յետոյ Բարձրաստիճան պաշտօնատար անձերու բարոյական յանձնաժողով ներկայացուած յայտարարագրին մէջ՝ առանց մանրամասնութիւններու։ Ըստ պաշտօնը դադրեցնելու յայտարարագրին՝ 2018-ին Սարգսեանը 25 միլիոն 200 հազար դրամ ունեցած է, երրորդ նախագահի եկամուտները, նոյն այդ փաստաթղթի համաձայն, ձեւաւորուած են աշխատավարձէն ու դրամատնային փոխառութիւններէն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment