Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱԺ Նախագահը Հաւաստիացուցած է, Որ Լրագրողներու Տեղաշարժին Վերաբերող Փոփոխութիւնները Անվտանգութեան Համար են

ԱԺ Նախագահը Հաւաստիացուցած է, Որ Լրագրողներու Տեղաշարժին Վերաբերող Փոփոխութիւնները Անվտանգութեան Համար են

by MassisPost

Ազգային ժողովի նախագահ՝ Ալեն Սիմոնեան լրագրողներու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ զբաղող կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ քննարկած է Յուլիսին խորհրդարանի տարածքի եւ շէնքին մէջ գործող անվտանգութեան կանոններու լրագրողներու տեղաշարժին վերաբերող նորմերը, որոնց համաձայն պահպանուող կառոյցի յատուկ վերահսկելի գօտիներուն ագիլուած է հաւատարմագրուած լրագրողներուն զբաղիլ մասնագիտական գործունէութեամբ: Խօսքը, ինչպէս յիշեցուցած է ԱԺ լրատուականը, պատգամաւորներուն եւ աշխատակազմի աշխատակիցներուն աշխատասենեակներ տանող միջանցքներուն մասին է:

Ի պատասխան այն հարցին, որ կանոնակարգումը լրագրողներու մասնագիտական գործունէութեան խոչընդոտ կրնայ հանդիսանալ՝ ԱԺ նախագահ՝ Ալեն Սիմոնեան նշած է, որ անոնց բնոյթը բացառապէս անվտանգութեան նորմերէն կը բխի: Ան աւելցուցած է, որ այս պահուն աշխատանքներ կը տարուին լրագրողներու գործունէութիւնը ԱԺ-ի մէջ աւելի բարենպաստ դարձնելու, որպէս օրինակ բերելով տեղեկատուական ցանկացած առիթի պարագային համապատասխան բանախօսներու ապահովումը:

ԱԺ-ի նախագահը տեղեկացուցած է, որ օրերս լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտնած է իւրաքանչիւր ամիս ճեպազրոյց ունենալու յանձնառութեան մասին:

Յիշեցնենք, որ ըստ փոփոխութիւններուն` խորհրդարանէն ներս լրագրողներուն կը թոյլատրուի աշխատիլ միայն նիստերու դահլիճին դիմաց գտնուող սրահը, օթեակը եւ Ազգային ժողովի այգին: Իսկ պատգամաւորներու աշխատասենեակները հասնիլ լրագրողները չեն կրնար, եթէ չունին պատգամաւորի համաձայնութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment