Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանական Զինուժը Օգոստոսի 11-ին Արցախի Մէջ Հարուածային Անօդաչուներ Կիրառած է. Ռուսաստանի ՊՆ.

Ատրպէյճանական Զինուժը Օգոստոսի 11-ին Արցախի Մէջ Հարուածային Անօդաչուներ Կիրառած է. Ռուսաստանի ՊՆ.

by MassisPost

Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատած է, որ Ատրպէյճանի զինուժը Օգոստոս 11-ին Արցախի Պաշտպանութեան բանակի դիրքերու ուղղութեամբ հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր կիրառած է:

«Անցած մէկ օրուայ ընթացքին հրադադարի ռեժիմի մէկ խախտում արձանագրուած է: 2021 թուականի Օգոստոս 11-ի ժամը 7:29 եւ 7:58-ին Ատրպէյճանի զինուած ուժերու կողմէն երկու հարուած հասցուած է Եղցահողէն 2 քիլոմեթր հիւսիս-արեւմուտք գտնուող դիտարկման դիրքի շրջանին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի զինուած կազմաւորումներու դիրքին: Տուժածներ չկան», – ըսուած է Արցախի ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի գործունէութեան վերաբերեալ, հինգշաբթի երեկոյեան, ՌԴ ՊՆ պաշտօնական կայքը հրապարակուած տեղեկագիրին մէջ:

«Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութեան կողմէ միջոցներ ձեռնարկուած են իրավիճակի հետագայ մագլցում թոյլ չտալու ուղղութեամբ: Կը կատարուի քննութիւն», – նշուած է հաղորդագրութեամբ:

Յիշեցնենք, որ չորեքշաբթի առաւօտեան Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց Ատրպէյճանի զինուժի կողմէ հարուածային անօդաչուներ կիրառելու մասին, համապատասխան տեղեկատուութիւնը եւ փաստերը տրամադրուած էին ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment