Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պատրաստակամ Ենք Ձեր Հետ Համագործակցելու Բոլոր Ոլորտներու Մէջ, Սփիւռքի Եւ Հայրենիքի Մէջ. ՍԴՀԿ պատուիրակութիւնը՝ Նիկոլ Փաշինեանին

Պատրաստակամ Ենք Ձեր Հետ Համագործակցելու Բոլոր Ոլորտներու Մէջ, Սփիւռքի Եւ Հայրենիքի Մէջ. ՍԴՀԿ պատուիրակութիւնը՝ Նիկոլ Փաշինեանին

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր՝ 10 Օգոստոսին ընդունած է Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան ներկայացուցիչներ՝ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ՝ Համբիկ Սարաֆեանը, Կեդրոնական վարչութեան անդամ՝ Խաչիկ Քեշիշեանը եւ Հայաստանի վարչութեան ատենապետ՝ Սեդրակ Աճէմեանը:

Ողջունելով ՍԴՀԿ ներկայացուցիչները՝ վարչապետ Փաշինեան նշած է.

«Յարգելի պարոնայք,

Ողջունում եմ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան պատուիրակութեանը եւ շատ ուրախ եմ այս առիթի համար: Մենք միշտ կապի մէջ ենք եղել կուսակցութեան հետ՝ ե՛ւ կեդրոնական մարմնի, ե՛ւ հայաստանեան մարմնի: Ուրախ եմ արձանագրել, որ կուսակցութիւնը՝ նաեւ հայաստանեան կազմակերպութիւնը մասնակցում է արտախորհրդարանական ուժերի նոր ձեւաւորուած ձեւաչափին, որտեղ մենք արդէն երկու հանդիպում ենք ունեցել: Նաեւ փորձում ենք այնպէս անել, որ որոշումներ ընդունենք եւ յստակ քայլերով առաջ շարժուենք: Ի հարկէ, այս համագործակցութիւնը եւ երկխօսութիւնը շատ կարեւոր է մեզ համար՝ հաշուի առնելով կուսակցութեան շատ կարեւոր եւ բացառիկ դերը Սփիւռքի մեր համայնքներում, ներգրաւուածութիւնը եւ ներդրումն ընդհանրապէս հայ ժողովրդի քաղաքական մշակոյթի ձեւաւորման գործում:

Մենք միշտ բաց ենք եղել երկխօսութեան համար, եւ ուրախ եմ, որ նոյնպիսի պատրաստակամութիւն կայ նաեւ ձեր կողմից: Այս հանդիպումները լաւ առիթ են, որպէսզի տեղի ունեցած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններից յետոյ ճշգրտենք մեր օրակարգը, մտքեր փոխանակենք առաջիկայ անելիքների վերաբերեալ, գուցէ նաեւ անհրաժեշտութեան դէպքում կայացնենք յստակ որոշումներ: Կրկին ողջունում եմ ձեզ եւ ուրախ եմ այս առիթի համար»:

SDHP-Pashinyan-08-10-b

ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ՝ Համբիկ Սարաֆեան նշած է. «Շնորհակալ ենք, պարոն վարչապետ: Մենք շնորհակալ ենք, որ կը հիւրընկալէք մեզ այստեղ: Նախ թոյլ տուէք, որ համայն Հնչակեան ընտանիքի անունով շնորհաւորեմ ձեզ՝ վերանշանակման առիթով: Մեր պատմութեան կ’երեւի ամենաճակատագրական շրջանին, անշուշտ, դուք մեզմէ բոլորէն լաւ կը պատկերացնէք եւ տեղեակ էք բոլոր մարտահրաւէրներու մասին՝ ե՛ւ ներքին, ե՛ւ արտաքին: Ինչպէս տեսանք, նաեւ ընտրութիւններէն յետոյ ձեր կատարած քայլերը, մանաւանդ միասնականութեան եւ համախմբուածութեան ուղղուած մօտեցումները ե՛ւ խորհրդարանական, ե՛ւ արտախորհրդարանական ձեւաչափով, կը կարծենք, որ շատ ճիշդ են: Որովհետեւ եթէ նախապէս միասնականութեան, համագործակցութեան եւ համերաշխութեան մասին կոչերը ցանկութիւններ էին, այսօր ուղղակի բացարձակ անհրաժեշտութիւն են, որովհետեւ եթէ մենք համագործակցաբար, միասնականութեան մթնոլորտի մէջ չկարողանանք աշխատիլ, շատ դժուար պիտի ըլլայ ապագան: Որպէս կուսակցութիւն միշտ պատրաստակամ եղած ենք, այսօր ալ պատրաստակամ ենք ձեր հետ համագործակցելու բոլոր ոլորտներուն մէջ՝ Սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ: Նաեւ կը կարեւորենք այս պահուն իսկապէս համագործակցութիւնը բոլոր ուժերուն հետ, որովհետեւ ատիկա կ’երեւի միակ ձեւն է, որով կարողանանք մեր հայրենիքն ու Արցախը այս ծանր իրավիճակէն դուրս հանենք»:

ՍԴՀԿ պատուիրակութեան անդամներու կողմէ ընդգծուած է վարչապետ Փաշինեանի՝ արտախորհրդարանական ուժերուն հետ նախաձեռնած երկխօսութեան եւ փոխգործակցութեան կարեւորութիւնը ի շահ հայրենիքին: Վարչապետը նշած է, որ Հայաստանն ու Արցախը կ’անցնին ծանր փորձութիւններու միջով, բայց կարեւորը այն է, որ ընդհանուր ըմբռնում ձեւաւորուած է առկայ մարտահրաւէրները յաղթահարելու եւ համատեղ ջանքերով առաջանալու շուրջ: Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով՝ արտախորհրդարանական ձեւաչափով արդէն իսկ տեղի ունեցած երկու հանդիպումը, ուր ներգրաւուած է նաեւ ՍԴՀԿ հայաստանեան կազմակերպութիւնը, կը վկայեն այդ ձեւաչափի գործուն ըլլալու մասին եւ շարունակական բնոյթ կրելու:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment