Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արմէն Գրիգորեանն ու Դաւիթ Բաբայեանը Քննարկած Են Ատրպէյճանա-Ղարաբաղեան Հակամարտութեան Առնչուող Հարցեր

Արմէն Գրիգորեանն ու Դաւիթ Բաբայեանը Քննարկած Են Ատրպէյճանա-Ղարաբաղեան Հակամարտութեան Առնչուող Հարցեր

by MassisPost

Օգոստոս 10-ին տեղի ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց նախարարի պարտականութիւնները կատարող Արմէն Գրիգորեանի հեռախօսազրոյցը։

Զրոյցի ընթացքին քննարկուած են երկու հայկական պետութիւններու արտաքին քաղաքականութեան, տարածաշրջանի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն եւ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան առնչուող հարցեր։ Երկուստեք կարեւորած են հիմնախնդրի համապարփակ կարգաւորումը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրէն ներս։

Բարձր գնահատուած է ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան դերը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան  եւ կայունութեան պահպանման գործով։

Ընդգծուած է Հայասատան-Արցախ-Սփիւռք կապերու հետագայ ամրապնդման եւ խորացման անհրաժեշտութիւնը։

Անդրադարձած են Արցախի եւ Հայաստանի արտաքին գերատեսչութիւններու միջեւ փոխգործակցութեան ընդլայնման հեռանկարներուն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment