Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանը Արցախի Շոշ-Մխիթարաշէն Հատուածին Մէջ Խախտած Է Հրադադարի Ռեժիմը

Ատրպէյճանը Արցախի Շոշ-Մխիթարաշէն Հատուածին Մէջ Խախտած Է Հրադադարի Ռեժիմը

by MassisPost

Արցախի պաշտպանութեան բանակի հաղորդմամբ՝ ատրպէյճանական կողմը երէկ՝ Օգոստոս 9-ին Լեռնային Ղարաբաղի հարաւ-արեւմտեան՝ Շոշ-Մխիթարաշէն հատուածին մէջ խախտած է հրադադարի ռեժիմը՝ հրաձգային, ինչպէս նաեւ հակաթանկային նռնականետով կրակ արձակելով հայկական դիրքերու ուղղութեամբ։

Ըստ Արցախի պաշտպանական գերատեսչութեան՝ հայկական կողմը կորուստներ չունի։ Միջադէպի վերաբերեալ տեղեկութիւն տրամադրած են ռուս խաղաղապահներու հրամանատարութեան։

«Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարութիւնը կոչ է անում ատրպէյճանական կողմին հաւատարիմ մնալ ձեռքբերուած պայմանաւորուածութիւններին եւ զերծ մնալ իրադրութեան հետագայ լարման ուղղուած քայլերից», – ըսուած է ՊԲ-ի տարածած հաղորդագրութեամբ։

Արցախի Մխիթարաշէն գիւղի համայնքապետ՝ Մխիթար Առստամեանը «Ազատութիւն»-ին հաղորդած է, որ ատրպէյճանական կողմը դիրքերէն բացի կրակած է նաեւ գիւղի ուղղութեամբ, տուժածներ չկան, սակայն, քաղաքացիական ինքնաշարժ մը վնասուած է եւ իրադրութիւնը այնտեղ այժմ հանգիստ է։

Իրադրութիւնը կայուն է, ըսած է նաեւ Արցախի արտաքին գործոց նախարար՝ Դաւիթ Բաբայեանը։ Անոր գնահատմամբ՝ ատրպէյճանական կողմը այսպիսի գործողութիւններով կը փորձէ վախցնել Արցախի հայկական բնակչութիւնը։

«Հասկանում են, որ լայնածաւալ պատերազմ չեն կարող սկսել հիմա՝ հաշուի առնելով, որ այստեղ ռուսական բանակն է կանգնած, խաղաղապահները, եւ յարձակումն Արցախի վրայ կը լինի յարձակում ռուս խաղաղապահների, այսինքն՝ Ռուսաստանի վրայ, բնական է, որ լայնածաւալ պատերազմ չեն կարողանում սկսել: Սա իրենց համար ոչ բարենպաստ պայման է, որովհետեւ եթէ չլինէր խաղաղապահ առաքելութիւնը, կը փորձէին ուժով կարգաւորել խնդիրը, հիմա չեն կարողանում, բայց նպատակից չեն հրաժարուել», – ըսաւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարը:

Բաբայեանի խօսքով՝ Ատրպէյճանը նման գործողութիւններով կ’ուզէ, որ հայերը Արցախէն դուրս ելլեն. «Դրա միակ տարբերակը, եթէ լայնածաւալ պատերազմն անհնարին է, այսինքն՝ կոտորածը հնարաւոր չէ, այսպիսի սադրանքներով ցոյց տան, որ իրավիճակը կայուն չէ, որ մարդիկ չունենան հաւատք վաղուայ օրուայ նկատմամբ, որ յոյսեր չկապեն Արցախի հետ»:

Արցախի արտաքին գործոց նախարարը ըսած է, որ ատրպէյճանական կողմի այսպիսի գործողութիւնները լուրջ մարտահրաւէր են նաեւ ռուս խաղաղապահներու համար, քանի որ նման քայլերը անյարգալից վերաբերմունք է անոնց նկատմամբ. «Հետեւաբար նրանք նոյնպէս մեծ ջանքեր են գործադրում, բայց ի հարկէ դիւանագիտական ձեւով եւ այլն, սա հասկանալի է՝ ցանկացած խաղաղապահ այդպէս էլ պէտք է իրականացնի առաքելութիւնը»:

Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան՝ Գեղամ Ստեփանեան բարձրաձայնած է, որ Շուշիի շրջանի Հին Շէն, Մարտունիի շրջանի Նոր Շէն, Հացի, Աւդուռ, Միւրիշէն բնակավայրերը ատրպէյճանական անմիջական նշանառութեան տակ են, ինչ որ կը սպառնայ բնակիչներու ֆիզիքական ու հոգեկան ավտանգութեան:

«Ատրպէյճանի դիրքերը տեղակայուած են հենց գիւղի մերձակայքի բլուրների վրայ, որն իր հերթին խնդիրներ է առաջացնում հենց տուեալ բնակավայրի բնակչութեան համար: Շատ դժուար է ապրել մի բնակավայրում, որն անմիջական գտնւում է հակառակորդի նշանառութեան տակ», – ըսաւ Ստեփանեանը:

Արցախի պաշտպանական գերատեսչութիւնը վերջին անգամ Ապրիլին էր, որ յայտնած էր ատրպէյճանական զինուժի կողմէ՝ հայկական դիրքերու ուղղութեամբ կրակ արձակելու մասին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment