Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան Թոքիոյէն կը Վերադառնայ 4 Մետալով

Հայաստան Թոքիոյէն կը Վերադառնայ 4 Մետալով

by MassisPost

Ազատ ոճի ըմբիշ՝ Վազգէն Թեւանեան զրկուեցաւ Ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալի համար պայքարելու հնարաւորութենէն:

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ Վազգէն Թեւանեան առաջին գօտեմարտին պարտուած էր Ռուսաստանի Ողիմպիական կոմիտէի հաւաքականի անդամ Կաճիմուրադ Ռաշիտովիէն եւ հնարաւորութիւն կ’ունենար պայքարելու պրոնզէ մետալին համար, եթէ Ռաշիտովը անցնէր եզրափակիչ: Սակայն կիսաեզրափակիչին Ռաշիտով պարտուեցաւ Ճափոնը ներկայացնող  Թաքութօ Օթոկուրոյէն: Թեւանեան զրկուեցաւ պրոնզէ մետալի համար գօտեմարտէն:

Հայաստանը 32-րդ ամառնային Ողիմպիական խաղերուն նուաճած է 4 մետալ: Ծանրորդ՝ Սիմոն Մարտիրոսեանը եւ յունահռոմէական ոճի ըմբիշ՝ Արթուր Ալեքսանեանը նուաճած են արծաթեայ, իսկ մարմնամարզիկ՝ Արթուր Դաւթեանն ու բռնցքամարտիկ՝ Յովհաննէս Պաչկովը՝ պրոնզեայ մետալ:

Հայ մարզիկները աւարտած են Թոքիոյի Ողիմպիական խաղերու ընթացքին իրենց ելոյթները:

Թոքիոյի ամառնային Ողիմպիական խաղերը կ’աւարտին Օգոստոս 8-ին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment