Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Մասնակցած Է Իպրահիմ Ռայիսիի Երդմնակալութեան Արարողութեան

Փաշինեան Մասնակցած Է Իպրահիմ Ռայիսիի Երդմնակալութեան Արարողութեան

by MassisPost

Վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան Թեհրանի մէջ մասնակցած է Իրանի նորընտիր նախագահ՝ Իպրահիմ Ռայիսիի երդմնակալութեան պաշտօնական արարողութեան, յայտնած է վարչապետի աշխատակազմը:

Միջոցառումը տեղի ունեցած է Իրանի Մեճլիսէն ներս։ Իրանի նախագահը ողջունած է պատուիրակութիւններու ղեկավարները եւ համատեղ լուսանկարման արարողութենէն ետք անոնց ուղեկցած դահլիճ:

Իպրահիմ Ռայիսիի երդման արարողութեան ներկայ եղած են աշխարհի 73 պետութիւններ ներկայացնող աւելի քան 100 պաշտօնեաներ, այդ անոնց կարգին՝ 10 պետութեան ղեկավար, խորհրդարաններու 20 նախագահ եւ 11 արտաքին գործոց նախարար։

Աշխատանքային այցով Թեհրան գտնուող Նիկոլ Փաշինեան այսօր՝ Օգոստոս 5-ին նաեւ հանդիպում ունեցած է նորընտիր նախագահ՝ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment