Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Freedom House-ը Հայաստանի Իշխանութեան Կոչ Կ’ընէ Դադրեցնելու Հետապնդումը Եզիտի Աքթիւիսթի Նկատմամբ

Freedom House-ը Հայաստանի Իշխանութեան Կոչ Կ’ընէ Դադրեցնելու Հետապնդումը Եզիտի Աքթիւիսթի Նկատմամբ

by MassisPost

Freedom House միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը Հայաստանի իշխանութիւններուն կոչ կ’ընէ դադրեցնելու քրէական հետապնդումը եզիտի իրաւապաշտպան Սաշիկ Սուլթանեանի նկատմամբ եւ չեղեալ համարել խօսքի իրաւունքը լրջօրէն վտանգող ու խախտող օրէնսդրական նախագիծերը:

Եզիտի իրաւապաշտպանի նկատմամբ յարուցուած քրէական գործը, ինչպէս նաեւ 7-րդ գումարման Ազգային ժողովի կողմէ անձին եւ մասնաւորապէս հանրային անձին ծանր վիրաւորանք հասցնելը քրէականացող օրինագիծերու ընդունումը կը վկայեն, որ Հայաստանի՝ վերջին տարիներուն ունեցած ձեռքբերումները ժողովրդավարութեան ու իրաւունքի ոլորտներուն մէջ վտանգուած են, ընդգծած է կազմակերպութիւնը:

«Չարդարացուած քաղաքական հետապնդումը եզիտի իրաւապաշտպանի նկատմամբ, անհանգստացնող է ինչպէս Հայաստանի էթնիկ փոքրամասնութիւններու նկատմամբ վերաբերմունքին, այնպէս ալ քննադատութեան կառավարութեան հակազդեցութեան տեսանկիւնէն», – յայտարարած է Եւրոպայի ու Եւրասիոյ Freedom House-ի ծրագիրներու տնօրէն՝ Մարք Պերենթը՝ շարունակելով. – «Յատկապէս կառավարական պաշտօնեաներու նկատմամբ «ծանր վիրաւորանքը» եւ քննադատութեան այլ ձեւերը քրէականացնող օրէնսդրութեան ընդունումը կը խեղդէ խօսքի ազատութիւնը եւ քաղաքական ընդդիմութիւնը»:

«Կոչ կ’ընենք Հայաստանի իշխանութիւններուն, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան եւ Գլխաւոր դատախազութեան՝ հրաժարելու Սաշիկ Սուլթանեանի դէմ մեղադրանքներէն եւ չեղեալ համարել խօսքի ազատութիւնը խաթարող հակասահմանադրական օրէնսդրութիւնը», – ըսած է Պերենթը:

Յիշեցնենք, որ եզիտի իրաւապաշտպան՝ Սաշիկ Սուլթանեան կը մեղադրուի հայ ու եզիտի ժողովուրդներու միջեւ ազգային, ցեղապաշտական կամ կրօնական թշնամանք յարուցելու համար, հիմքը անոր հարցազրոյցներէն մէկն է:

Հայհոյանքը քրէականացնելու օրինագիծը 7-րդ գումարման Ազգային ժողովը ընդունեց անցեալ շաբաթ, որով անձին ծանր վիրաւորանք հասցնելը՝ հայհոյելը կամ անոր արժանապատուութիւնը այլ ծայրայեղ անպարկեշտ եղանակով վիրաւորելը պատիժ ունի 100 հազարէն մինչեւ 3 միլիոն դրամ տուգանքով կամ 1-3 ամիս ժամկէտով կալանքով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment