Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Քննիչ Յանձնաժողով Պիտի Ստեղծուի 44-Օրեայ Պատերազմի Վերաբերեալ. Ալեն Սիմոնեան

Քննիչ Յանձնաժողով Պիտի Ստեղծուի 44-Օրեայ Պատերազմի Վերաբերեալ. Ալեն Սիմոնեան

by MassisPost

«Նախեւառաջ քննարկեցինք գալիք աշխատանքը, ԱԺ-ի եւ կառավարութեան հետ համագործակցութիւնը։ Որոշում է կայացուել, որ  քննիչ յանձնաժողով է ստեղծուելու 44-օրեայ պատերազմի վերաբերեալ։ Եւ այդ հարցում, կարծում ենք, նաեւ արտախորհրդարանական ընդդիմութեան մասնակցութիւնը նոյնպէս պէտք է լինի»,- այս մասին այսօր՝ Յուլիս 26-ի «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան նիստէն յետոյ լրագրողներու հետ զրոյցին ըսաւ ԱԺ փոխնախագահ՝ Ալեն Սիմոնեան։

Յիշեցնենք, որ այսօր ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեան նիստ գումարած է, որու ժամանակ հանդիպած էր «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան ընտրուած պատգամաւորներուն հետ։

Ալեն Սիմոնեան տեղեկացուց, որ նիստին քննարկուած են նաեւ տարբեր հարցեր, զուտ ԱԺ-ի կազմակերպչական, յանձնաժողովներու եւ կանոնադրութեան հետ կապուած հարցեր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment