Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեանը Եւ Արտախորհրդարանական Ուժերու Ղեկավարները Գումարած Են Առաջին Նիստը

Փաշինեանը Եւ Արտախորհրդարանական Ուժերու Ղեկավարները Գումարած Են Առաջին Նիստը

by MassisPost

Կայացած է արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերու հետ համագործակցութեան խորհրդակցական ժողովի առաջին նիստը` վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեանի մասնակցութեամբ:

Նիստին մասնակցած են «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան նախագահ՝ Արամ Սարգսեանը, «Ազատական» կուսակցութեան առաջնորդ՝ Սամուէլ Պապայեանը, «Ալեանս» առաջադիմական կեդրոնամէտ կուսակցութեան առաջնորդ՝ Տիգրան Ուրիխանեանը, «Արդար Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար՝ Նորայր Նորիկեանը, «Ինքնիշխան Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար՝ Դաւիթ Սանասարեանը, Հայաստանի եւրոպական կուսակցութեան ղեկավար՝ Տիգրան Խզմալեանը, Հայաստանի Քրիստոնեայ-դեմոկրատական կուսակցութեան նախագահ՝ Լեւոն Շիրինեանը, «Միասնական հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ՝ Մհեր Տէրտէրեանը, Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար՝ Միքայէլ Հայրապետեանը, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան Հայաստանի վարչութեան ատենապետ՝ Սեդրակ Աճէմեանը:

Նիկոլ Փաշինեան ողջունած է ժողովի մասնակիցները եւ մաղթած յաջող ու արդիւնաւէտ քննարկումներ:

Յիշեցնենք, որ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններէն յետոյ գործադիրի ղեկավարը սկսաւ հանդիպումներ ԱԺ չանցած ուժերուն հետ եւ որոշուեցաւ ձեւաւորել համագործակցութեան խորհրդակցական ժողով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment