Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Հեռախօսազրոյց Ունեցած Է Փութինի Հետ

Փաշինեան Հեռախօսազրոյց Ունեցած Է Փութինի Հետ

by MassisPost

Վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսաստանի նախագահ՝ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Կառավարութեան հաղորդմամբ, կողմերը հանգամանալից քննարկած են տարածաշրջանին վերաբերող եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու լայն շրջանակ: Անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի վարչապետի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի նախագահներու միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրագործման ընթացքին, մասնաւորապէս, գերիներու վերադարձի խնդրին եւ տարածաշրջանային ճանապարհներու վերագործարկման:

Ըստ պաշտօնական Երեւանի, Փաշինեան ընդգծած է խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանութեան առումով Ռուսաստանի առանցքային դերակատարումը: Կողմերը շեշտած են ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու գործունէութեան կարեւորութիւնը:

Քրեմլինի հաղորդագրութեան մէջ գերիներու մասով որեւէ բառ չէ ըսուած, նշուած է միայն, թէ քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակը, շօշափուած է նաեւ տարածաշրջանի փոխադրային եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակման թեման։

«Որոշուած է շարունակել շփումները տարբեր մակարդակներով», – եզրափակած է Ռուսաստանի նախագահական նստավայրը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment