Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եւրոպական Միութիւնը Կը Պատրաստուի Աւելի քան 1.5 Միլիառ Եւրօ Գումար Յատկացնել Հայաստանին

Եւրոպական Միութիւնը Կը Պատրաստուի Աւելի քան 1.5 Միլիառ Եւրօ Գումար Յատկացնել Հայաստանին

by MassisPost

Եւրամիութիւնը պատրաստակամութիւն կը յայտնէ յառաջիկայ 5 տարիներուն մէկուկէս միլիառ Եւրոյէ աւելի գումար յատկացնել Հայաստանին՝ հինգ առանցքային ծրագիրներու, որոնց շարքին` Սիւնիքի մարզի զարգացման համար: Փաստաթուղթը ներկայացուած Յուլիս 2-ին Պրիւքսէլի մէջ առանձնացնելով այն նախաձեռնութիւնները, որոնք Եւրոպական Յանձնաժողովը մտադիր է իրականացնել մինչեւ 2025 թուականը Արեւելեան Գործընկերութեան անդամ երկիրներուն մէջ:

Հայաստանի մասով Եւրոպական Յանձնաժողովը կը ծրագրէ.

1. Աջակցիլ 30,000 մանր ու միջին պիզնեսներուն` կայուն, նորարար եւ մրցունակ տնտեսութեան համար,
2. Խթանել սոցիալ-տնտեսական զարգացումը եւ հաղորդակցութիւնը` աջակցելով Հիւսիս-հարաւ միջանցքին,
3. Ներդրումներ կատարել տեղեկատուական տեխնոլոգիաներու, գիտութեան ու տեխնիկայի ոլորտներէն ներս,
4. Ամրապնդել հարաւային շրջաններու դիմադրողականութիւնը,
5. Ներդրումներ կանաչ Երեւանի համար` ուժանիւթի արդիւնաւէտ օգտագործման եւ բնութեան աւելի քիչ վնաս հասցնող աւտօբուսներու գործարկման ուղղութեամբ:

Ուղենշային առաջին ծրագրով կը նախատեսուի 500 միլիոն Եւրոյի աջակցութիւն տրամադրել փոքր ու միջին պիզնէսի 30,000 ներկայացուցիչներուն: «Համաճարակէն յետոյ տնտեսութեան վերականգնումը Հայաստանի համար գերակայ առաջնահերթութիւն է», – ըսած է Եւրոպական Յանձնաժողովը, արձանագրելով` այս հարցով օգնելով հայաստանցի գործարարներուն` Եւրամիութիւնը կը նպաստէ նոր աշխատատեղերու ստեղծման, պիզնէսի զարգացման ու արդիականացման, երկարաժամկէտ կտրուածքով` Հայաստանի կայուն սոցիալ-տնտեսական վերականգմանը:

Այս առումով, ըստ փաստաթուղթի, առաջնահերթութիւնը տրուած է այն ձեռներէցներուն, որոնք կ՛աշխատին բնութիւնը պահպանող տեխնոլոգիաներով, յատկապէս շրջաններու մէջ, ինչպէս նաեւ այն պիզնէսներուն, որոնք ղեկավարները կանայք են:

Երկրորդ ծրագիրով կը նախատեսուի աջակցիլ Հայաստանի սոցիալ-տնտեսական զարգացման եւ հաղորդակցութեանը, ընդգծելով, որ Հայաստանի ազգային օրակարգի առաջնահերթութիւններէն է Հիւսիս-հարաւ միջանցքի շահագործումը, որը հնարաւորութիւն կու տայ ապահովել ելք դէպի միջազգային առեւտրային ուղիներ եւ շուկաներ:

«Տրանսպորտային ենթակառուցուածքներու բարելաւումը հնարաւորութիւն կու տայ սերտացնել կապը մարզերու միջեւ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի կապը հարեւան երկրներու եւ Եւրամիութեան հետ»,- կ՛ըսէ Եւրոպական Յանձնաժողովը, աւելցնելով. «Այս ուղղութեամբ Եւրամիութեան ներդրումը կը կեդրոնանայ Հիւսիս-հարաւ մայրուղու տակաւին չկառուցուած հատուածներու, որոնց շարքին` Սիսիան-Քաջարան ճանապարհի վրայ»: Այս ծրագրի իրագործման համար կը նախատեսուի 600 միլիոն Եւրօ յատկացնել, որ կը տրամադրուի նաեւ հարաւի մէջ նախատեսուած նոր` Սիսիան-Քաջարան թունելի կառուցման:

Երրորդ ու չորրորդ ծրագիրները կը վերաբերին աջակցութիւն՝ նորարարութեան, գիտութեան, Հայաստանի հարաւային շրջաններու դիմադրողականութեան ամրապնդման պատերազմէն յետոյ ստացած հարուածներուն, պատերազմական գօտիէն տեղահանուածներու աշխատանքի ու կրթութեան կարիքներուն:

Վերջին` հինգերորդ ուղղութիւնը կր վերաբերի մայրաքաղաքին, մասնաւորապէս կանաչ Երեւանին: Այս նպատակով կը նախատեսուի աջակցիլ «կանաչ Հանրային փոխադրամիջոցներու ներմուծմանը, որոնք աւելի քիչ վնաս կը հասցնեն մայրաքաղաքի շրջակայ միջավայրին:

Փաստաթուղթը միաժամանակ կ՛ընդգծէ` երբ հնարաւորութիւն ստեղծուի, Եւրամիութիւնը պատրաստ է նաեւ աջակցիլ Հարաւային Կովկասի յետպատերազմեան վերականգնման եւ հակամարտութեան վերափոխման, անոնց շարքին` պատերազէն տուժած տարածքներու ականազերծման, սոցիալ-տնտեսական զարգացման, խաղաղութեան հաստատմանն ու հաշտեցման:

Հայաստանէն բացի, Եւրոպական Յանձնաժողովը նոյնանման ծրագրեր ունի նաեւ Արեւելեան Գործընկերութեան անդամ միւս երկիրներուն` Վրաստանի, Ատրպէյճանի, Մոլտովայի եւ Ուքրանիոյ համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment