Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արմէն Սարգսեան Առանձին Հանդիպումներ Ունեցած Է Գագիկ Ծառուկեանին Եւ Էտմոն Մարուքեանին Հետ

Արմէն Սարգսեան Առանձին Հանդիպումներ Ունեցած Է Գագիկ Ծառուկեանին Եւ Էտմոն Մարուքեանին Հետ

by MassisPost

Նախագահ՝ Արմէն Սարգսեան այսօր՝ Յունիս 25-ին, առանձին հանդիպումներ ունեցած է «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ՝ Գագիկ Ծառուկեանի եւ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար՝ Էտմոն Մարուքեանի հետ:

Ըստ նախագահի գրասենեակին՝ Ծառուկեանի հետ հանդիպման, Արմէն Սարգսեան ընդգծած է «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան դերը երկրի քաղաքական կեանքէն ներս, գնահատելի համարած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացման վերաբերեալ կուսակցութեան արտայայտած կառուցողական դիրքորոշումը՝ յոյս յայտնելով, որ նոր խորհրդարանէն ներս ներկայացուած չըլլալը չ’ազդեր կուսակցութեան քաղաքական գործունէութեան եւ աշխուժութեան վրայ:

Նախագահը կարեւոր համարած է ԲՀԿ քաղաքական փորձը ի շահ Հայաստանի Հանրապետութեան ծառայեցնելը եւ համոզմունք յայտնած, որ որպէս արտախորհրդարանական ուժ «Բարգաւաճ Հայաստան»-ը կը շարունակէ իր աշխոյժ ներգրաւուածութիւնը ունենալ քաղաքական գործընթացներուն:

«Լուսաւոր Հայաստան»-ի ղեկավարի հետ հանդիպման ընթացքին,  Հայաստանի նախագահը չափազանց գնահատելի համարած է կուսակցութեան վերջին տարիներու դերակատարումը երկրի քաղաքական կեանքէն ներս։

Նշուած է, որ «Լուսաւոր Հայաստան»-ը մէկն էր այն քաղաքական ուժերէն, որ երկրին մէջ ստեղծուած ճգնաժամը յաղթահարելու համար ի սկզբանէ պաշտպանեց արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացման գաղափարը, ինչ որ կարեւոր որոշում էր պետութեան կայունութեան ու ապագայի տեսանկիւնէն:

Արմէն Սարգսեան յոյս յայտնած է, որ թէեւ արտահերթ ընտրութիւններու նախնական արդիւնքներով «Լուսաւոր Հայաստանը» չի մտներ Ազգային ժողով, այդուհանդերձ, կուսակցութիւնը աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալէ նաեւ խորհրդարանէն դուրս՝ ի նպաստ երկրի զարգացման ու առաջընթացի:

Հանդիպումներուն մտքեր փոխանակուած են նաեւ ներքաղաքական իրավիճակի շուրջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment