Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Ընտրութիւններէն Ետք Քատրային Ջարդ Կը Խոստանայ

Փաշինեան Ընտրութիւններէն Ետք Քատրային Ջարդ Կը Խոստանայ

by MassisPost

«Ընտրութիւններից յետոյ լինելու են քաղաքական եւ քաղաքացիական վրէժներ»։ Քարոզարշաւի երկրորդ օրը Արագածոտնի մարզի Թալին քաղաքին մէջ յայտարարեց վարչապետի պաշտօնակատար, «Քաղաքացիական պայմանագրի» ընտրացուցակը գլխաւորող՝ Նիկոլ Փաշինեանը՝ բացատրելով, թէ տեղեկութիւն ունի, թէ որոշ հիմնարկներու եւ համայնքներու ղեկավարներ, իրենց վարչական լծակները օգտագործելով, մարդիկ կը տանին հաւաքներու։

Փաշինեան խոստացաւ, որ այդպիսի ղեկավարները պիտի ենթարկուին ամենադաժան պատիժներու՝ ոչ ֆիզիկական. «Այդ համայնքների ղեկավարները, կարճ ասած, ռատ են ըլնելու, եւ այնտեղ լինելու են արտահերթ ընտրութիւններ: Եւ դուք կը տեսնէք քաղաքական վրէժներ, եւ դուք կը տեսնէք քաղաքացիական վրէժներ, եւ դուք կը տեսնէք քատրային ջարդուփշուր, բոլոր ստահակները քշուելու են պետական կառավարման համակարգից, ով, ժողովրդի ներողամտութիւնից օգտուելով, երեք տարի գործել են ժողովրդի դէմ։ Բոլորին հատ-հատ վզներից բռնած անձամբ դուրս եմ շպրտելու պետական կառավարման համակարգից։ Եւ ուրեմն, պատրաստուէք քաղաքացիական վրէժի»,- ըսաւՆիկոլ Փաշինեան։

Նախկիններու թեման շօշափուեցաւ գրեթէ բոլոր համայնքներուն եւ քաղաքներուն մէջ։ Օրակարգի թիւ մէկ հարցը Հայաստանի անվտանգութեան եւ Արցախի հիմնահարցն էր։ Յիշեցուց իր առաջարկած լուծումները, համեմատականներ ըրաւ անցեալի հետ ու վերջաւորութեան պնդեց, թէ հիմա Արցախի հարցը շատ աւելի լուծելի է, քան 4 տարի առաջ, թէ ինչպէ՞ս, Փաշինեան ըսաւ՝ փակագիծեր դեռ չի կրնար բանալ. «Մենք պատկերացնում ենք, որ այս բոլոր իրադարձութիւններից յետոյ «անջատում յանուն փրկութեան» բանաձեւի իրագործման հնարաւորութիւններն էականօրէն մեծացել են»:

«Իշխանութիւնը ամէն գնով պահած ենք ոչ թէ մեզ համար, այլ ձեզ համար», վարչապետը դիմեց հաւաքուածներուն՝ ակնկալելով, որ կը ստանայ ընտրողներու ձայներուն առնուազն 60 տոկոսը՝ երկիրը միասին դրախտավայր դարձնելու համար։

Համայնքներուն եւ քաղաքներուն մէջ Փաշինեանը դիմաւորեցին ծափողջիւններով, սելֆիներով եւ ոգեւորութեամբ։ Տեղ մը վարդի թերթիկներ, ուրիշ տեղ՝ աղուհաց, գինի, նոյնիսկ գառնուկ բերած էին, որ, բարեբախտաբար Փաշինեանի ձեւակերպած` «եդեմական այգում» չզոհաբերուեցաւ:

Արտենի համայնքին մէջ եւս անհամբեր կը սպասէին Փաշինեանին։ Պատերազմը այս գիւղէն 4 երիտասարդներու կեանք խլած է, սակայն Փաշինեանին լսելու եկած մարդիկ կը պնդէին, թէ մեղաւորը նախկիններն են, վերջին երկու տարիներուն գիւղին մէջ աւելի շատ հարցեր լուծուած են, քան անցեալին. «Ես պապիկ եմ, զոհուածի պապիկ եմ ես, 3 ամիս է ընդամէնը ծառայել թոռնիկս, զոհուել է Մարտունիի մօտերքում: Թոռնիկիս անունը Ռուբիկ Ալեքսանեան»:

Դիտարկման, որ շատ կը խօսուի այն մասին, որ պարտուած ղեկավարը պէտք է հեռանայ, արձագանգեց. «Ես չեմ գտնում, որ Փաշինեանը պարտուած ղեկավար է: Իրեն պարտուած յանձնել են նախկինները, ամէն ինչը թալանել են, այդ մարդն եկել է իշխանութեան, 2 տարում էդքան ոչ մի բան չէր կարող անել»:

Իր խօսքով Փաշինեան շնորհակալ եղաւ զինք այսքան ջերմ ընդունող արածագոտցիներուն. «2018 թուականին ես էի ձեզ դուխ տալիս, 2021 թուականին դուք էք ինձ դուխ տալիս»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment