Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Լեռնային Ղարաբաղը Պայտընի եւ Էրտողանի Առաջիկայ Հանդիպման Օրակարգին Վրայ

Լեռնային Ղարաբաղը Պայտընի եւ Էրտողանի Առաջիկայ Հանդիպման Օրակարգին Վրայ

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու նախագահ՝ Ճոզէֆ Պատընի եւ Թուրքիոյ ղեկավար՝ Ռէճէպ Էրտողանի՝ Յունիս 14-ին Պրիւքսելի մէջ ծրագրուած առաջին դէմ առ դէմ բանակցութիւններու օրակարգին վրայ ընդգրկուած է նաեւ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը։ Այս մասին երկուշաբթի երեկոյեան Սպիտակ տան մէջ կայացած ասուլիսի ժամանակ յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան գծով խորհրդական Ճէյք Սալիվան։

«Ինչ կը վերաբերի նախագահ Էրտողանի հետ հանդիպման, ապա այն պիտի կայանայ ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովի ծիրէն ներս։ Բանակցութիւններու օրակարգը բաւական ծաւալուն է՝ այնտեղ ընդգրկուած են տարածաշրջանին մէջ այս պահուն առկայ խնդիրները, անոնց կարգին, բնականաբար, իրավիճակը Միջերկրական ծովու արեւելեան հատուածի, Սուրիոյ, Իրանի ու Լեռնային Ղարաբաղի», – յայտարարած էր Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականը։

Ճէյք Սալիվանի խօսքով՝ Պայտընի եւ Էրտողանի բանակցութիւններու ընթացքին կողմերը կը պատրաստուին քննարկել նաեւ այն դերակատարութիւնը, որ կրնայ ստանձնել Թուրքիան Աֆղանիստանի մէջ՝ այդ երկրէն ՆԱԹՕ-ի զօրախումբի դուրսբերման ֆոնին։ Վերջին օրերուն դիւանագիտական շրջանակներուն մէջ պտտող լուրերուն համաձայն, թրքական ստորաբաժանումները կրնան մնալ Աֆղանիստանի տարածք՝ մասնաւորաբար ապահովելով Քապուլի միջազգային օդակայանի բնականոն գործունէութիւնը։ Իրադարձութիւններու զարգացման այսպիսի սենար նախօրէին չբացառեց նաեւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար՝ Հուլուսի Աքարը՝ ռազմածովային կայաններէն մէկը կատարած այցի ընթացքին նշելով, որ Թուրքիան նման քայլի կը դիմէ, եթէ Հիւսիսատլանտեան դաշինքի միւս անդամները բաւարարեն Անքարայի «քաղաքական, ֆինանսական եւ լոգիստիկ պահանջները»։

Ճէյք Սալիվանի խօսքով՝ Յունիս 14-ին Պրիւքսելի մէջ կայանալիք բանակցութիւններու զգալի մասը տրամադրուած պիտի ըլլայ նաեւ մարդու իրաւունքներու խնդրին եւ երկու երկիրներու միջեւ առկայ այն տարբերութիւններուն, զորս Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականը արժեհամակարգային որակած էր ։

Միեւնոյն ժամանակ, Ուաշինկթընի մէջ յոյս ունին, որ Ճոզեֆ Պայտընի եւ Ռէճէպ Էրտողանի՝ տարիներու ընթացքին կուտակուած անձնական շփման փորձը կը նպաստէ պրիւքսելեան բանակցութիւններու յաջող ընթացքին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment