Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Շարլ Միշել Ողջունած Է Հայկական Կողմի Դիրքորոշումը` Խաղաղ Ճանապարհով Լուծելու Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանին Առկայ Խնդիրը

Շարլ Միշել Ողջունած Է Հայկական Կողմի Դիրքորոշումը` Խաղաղ Ճանապարհով Լուծելու Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանին Առկայ Խնդիրը

by MassisPost

Աշխատանքային այցելութեամբ Պրիւքսել գտնուող վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեան Եւրոպական խորհուրդի նախագահ՝ Շարլ Միշելի հետ հանդիպման ընթացքին մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին ստեղծուած իրավիճակի վերաբերեալ։

Վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը, ընդգծելով Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն ատրպէյճանական զինուած ուժերու ելման դիրքեր դուրս գալու անհրաժեշտութիւնը, յայտնած է, որ Փաշինեան տեղեկատուութիւն ներկայացուցած է այդ ուղղութեամբ կատարուող դիւանագիտական ու բանակցային գործողութիւններուն վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ իրավիճակի հանգուցալուծման ուղղութեամբ իր կողմէն Մայիս 27-ին ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին ներկայացուած առաջարկին վերաբերեալ:

Վարչապետի պաշտօնակատարը կարեւորութիւն տուած է միջազգային հանրութեան կողմէ Ատրպէյճանի սադրիչ գործողութիւններուն համարժէք արձագանգելու անհրաժեշտութիւնը, հայ ռազմագերիներու վերադարձի ապահովման ուղղութեամբ քայլերու իրականացումը եւ ողջունած Եւրոպական խորհրդարանի կողմէ ընդունուած բանաձեւը, որով Ատրպէյճանէն կը պահանջուի անյապաղ եւ առանց նախապայմաններու ազատ արձակել բոլոր հայ ռազմագերիները։

Եւրոպական խորհուրդի նախագահը ողջունած է հայկական կողմի` հայ-ատրպէյճանական սահմանին առկայ խնդիրը խաղաղ եւ քաղաքական ճանապարհով լուծելու դիրքորոշումը ու յայտնած ԵՄ-ի պատրաստակամութիւնը օժանդակելու այդ գործընթացին:

Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան՝ անոնք քննարկած են Հայաստան-ԵՄ համագործակցութեան ընթացքը, այս տարուայ Մարտ 1-էն ուժի մէջ մտած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի ծիրէն ներս նախատեսուող ծրագիրները, մասնաւորապէս, մեր երկրի համակարգային բարեփոխութիւններու եւ ժողովրդավարութեան ամրապնդման միտուած համատեղ միջոցառումներն ու գործողութիւնները:

Փաշինեան ընդգծած է, որ Հայաստանը մեծապէս կարեւորութիւն կու տայ համաձայնագրի «Ճանապարհային քարտէզի» ծիրէն ներս գործուն փոխգործակցութեան, ինչ որ կը նպաստէ ժողովրդավարական արժէքներու, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, քորուփցիայի դէմ պայքարի, օրէնքի գերակայութեան, ինչպէս նաեւ հանրային կառավարման, անոր կարգին` արդարադատութեան ոլորտի բարեփոխութիւններու իրագործման:

Շարլ Միշել ողջունած է վերջին երեք տարիներու ընթացքին Հայաստանին մէջ մեկնարկած բարեփոխութիւններն ու ժողովրդավարութեան ամրապնդման ուղղուած ՀՀ կառավարութեան քայլերը: Այս առումով, Եւրոպական խորհուրդի նախագահը կարեւորած է Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի արդիւնաւէտ իրագործումը՝ շեշտելով ԵՄ-ի պատրաստակամութիւնը` աւելի խորացնելու եւ ընդլայնելու գործակցութիւնը ՀՀ կառավարութեան առաջնահերթութիւններու կեանքի կոչման գործով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment