Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Քոչարեանին Աջակցող Խումբը Հայ Զինուորներուն Ծաղրող Ատրպէյճանական եւ Թրքական Տեսանիւթեր կը Տարածէ

Քոչարեանին Աջակցող Խումբը Հայ Զինուորներուն Ծաղրող Ատրպէյճանական եւ Թրքական Տեսանիւթեր կը Տարածէ

by MassisPost

Մայիս 19-ին, նախկին իշխանութեան պատկանող մամուլով տարածուեցաւ տեսանիւթ, ուր ատրպէյճանցիները յարձակած էին հայ զինծառայողներուն վրայ։ Նոյն լրատուամիջոցներու մեծ մասը յետոյ չտարածեցին դէպքերու հակառակ ընթացք ունեցող տեսանիւթը, ուր արդէն հայ զինծառայողները նոյնկերպով կը վարուէին ատրպէյճանցիներու հետ եւ կը վռնտէին ՀՀ սահմանէն։

Civic.am-ի ձեռքի տակ յայտնուեցան screenshot նկարներ Ռոպերթ Քոչարեանին աջակցող «Նախագահ Քոչարեանի համախոհներ» անունով, մօտ 10,000 հետեւորդներ ունեցող խումբէն։ Տեսանիւթերէն մէկը մեր զինուորիներուն վրայ յարձակող ատրպէյճանցի զինծառայողներուն կողմէ տեսանկարահանուած հրապարակումն է եւ վերնագրուած է հետեւեալ կերպ՝ «շատ նուաստացուցիչ տեսարան է, ոչխարի հօտի պէս վտարում են մեր զինուորներին» եւ այն տարածուած է երկու անգամ, երկու պարագային ալ ատրպէյճանցի օգտատէրերն են սկզբնաղբիւրը, իսկ տարածողները՝ Քոչարեանին աջակցող խումբի անդամներ։

Նոյն խումբին մէջ տարածուած է նաեւ «Sahib Zamin»  անունով թուրք օգտատիրոջ կողմէ տարածուած տեսանիւթը, ուր ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեանի այցն է Գեղարքունիքի մարզի N զօրամաս, ուր վարչապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատարը Մայիս  9-ի կապակցութեամբ պետական պարգեւներ յանձնած էր շարք մը զինծառայողներու, սակայն տեսանիւթի ձայնը սարքուած է եւ անով թուրք օգտատէրը կը ծաղրէ Նիկոլ Փաշինեանը եւ հայ զինծառայողները։

Screenshot նկարներէն մէկը, Արցախի նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեանը ծաղրող նկար է, որու հեղինակը կրկին ատրպէյճանցի օգտատէր  մըն է։

Նոյն խումբին մէջ իր հրապարակումները տարածած է «Shame.am» էլեկտրոնային լրատուական կայքէջի հիմնադիր՝ Արտեոմ Խաչատրեան, որ նախապէս մեր տեղեկութիւններով, կ’աշխատէր Սերժ Սարգսեանի փեսայի՝ Միքայէլ Մինասեանի համար, իսկ այժմ, կարծես Ռոպերթ Քոչարեանի կողմը անցած է։ Յիշեցնենք, որ Արտեոմ Խաչատրեան 2020 թուականին իր դիմատետրեան էջին վրայ գրառում ըրած էր, ուր Քաղաքական օդագնացութեան ղեկավար՝ Տաթեւիկ Ռեւազեանի եւ անոր նորածին դստեր հասցէին վիրաւորանքներ, ընդհուպ մինչեւ հայհոյանքներ հնչեցուցած:

Ի դէպ, փոքրիկ դիտարկումի միջոցով պարզ դարձաւ, որ Ռոպերթ Քոչարեանին եւ անոր «Հայաստան» դաշինքին աջակցող դիմտատերի խումբերուն մէջ կը տարածուին չճշդուած եւ կեղծ տեղեկութիւններ։

Մայիս 17-ի ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդի նիստի ընթացքին վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեանը իր խօսքով նշած էր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կը գործեն Ատրպէյճանի տեղեկատուական պայքարի գործակալներ։

«Նրանց անուն ազգանունները նոյնիսկ կարելի է նշել, եւ այդ մարդիկ 2020 թուականին Ատրպէյճանի նախագահին հրաւիրում էին յարձակուել Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ: Այս իրադարձութիւններից առաջ ցոյց էին տալիս մօտաւորապէս այն տեղանքները, որտեղից կարելի է ներխուժել Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք եւ նրանք հիմա նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան հանրութեան շրջանում տարածում են Ատրպէյճանի քարոզչական թէզեր ու, ըստ էութեան, յուշում են, թէ ինչպիսի բանակցային դիրքորոշումներ որդեգրի Ատրպէյճանը, որպէսզի դրանք առաւել նպաստաւոր լինեն իրենց քաղաքական պայքարի համար: Ինձ համար միանշանակ է, որ այս ամէն ինչը պատահական լինել չի կարող, եւ պէտք է կարողանանք հանդարտ հետաքննել, հասկանալ, թէ ինչ է տեղի ունենում», – ըսած էր Փաշինեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment