Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եւրոպական Խորհրդարանը Կոչ Ըրած է Թուրքիոյ Ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Եւրոպական Խորհրդարանը Կոչ Ըրած է Թուրքիոյ Ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

by MassisPost

Անգարան դատապարտած է Եւրոպական խորհրդարանի կողմէ ընդունուած «Թուրքիա 2019-2020» զեկոյցը` զայն համարելով միակողմանի եւ հեռու առարկայութենէ։

Այդ բանաձեւով Եւրոպական խորհրդարանը Թուրքիոյ նաեւ կոչ ըրած է ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ինչ որ ճանապարհ կը հարթէ հայ եւ թուրք ժողովուրդներու հաշտեցման համար։ Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորները մտահոգութիւն յայտնած են Թուրքիոյ թշնամական արտաքին քաղաքականութեան կապակցութեամբ՝ մասնաւորապէս Յունաստանի եւ Կիպրոսի նկատմամբ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ, Լիպիոյ, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մէջ Թուրքիոյ մասնակցութեան առնչութեամբ։

Խորհրդատուական բնոյթ ունեցող բանաձեւը Եւրոպական խորհրդարանի կողմէ ընդունուած է Մայիս 19-ին։ Կողմ քուէարկած է 480 պատգամաւոր, դէմ՝ 64-ը, 150-ը ձեռնպահ մնացած է։

Եւրոպայի ամենամեծ քաղաքական ուժը՝ Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութիւնը Թուիթերով գրած է, թէ Թուրքիոյ հարցով ընդունուած է ամենակոշտ բանաձեւը ողջ պատմութեան ընթացքին։ Բանաձեւը արձանագրած է, որ Անգարայի հետ յարաբերութիւնները բարելաւուելու փոխարէն վատթարացած են, եւ խիստ քննադատութեան ենթարկած է Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Էրտողանին՝ Եւրոպական միութեան ու անդամ երկիրներու հանդէպ սադրանքներու դիմելու եւ Թուրքիան եւրոպական չափանիշներէն հեռացնելու համար։

Բանաձեւը Եւրոպական յանձնաժողովին կոչ ըրած է պաշտօնապէս սառեցնել Եւրոպական միութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան բանակցութիւնները։

Բանաձեւի ընդունուելուն անմիջապէս յաջորդած է Թուրքիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան արձագանգը։

«Նման բանաձեւի ընդունիլը այն ժամանակ, երբ ջանքեր կը գործադրուին վերականգնելու Թուրքիոյ եւ Եւրոպական միութեան միջեւ յարաբերութիւնները՝ Եւրոպական միութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան հեռանկարներու հիման վրայ եւ դրական օրակարգի շրջանակներէն ներս, անընդունելի է», – յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

Անգարան յայտարարած է, թէ չ’ընդունիր այդ «կողմնակալ բովանդակութիւնը, ուր ընդգրկուած են ոչ միայն սուտ պնդումներ Թուրքիոյ մարդու իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան, օրէնքի գերակայութեան, պետական համակարգի եւ քաղաքական կուսակցութիւններու մասին, այլ նաեւ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը դիտարկուած է որպէս սպառնալիք»։

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան գնահատմամբ՝ փաստաթուղթը «կ’արտայայտէ Յունաստանի եւ կիպրոսցի յոյներու բացարձակ անարդար եւ կողմնակալ պնդումները Էկէեան ծովի, Արեւելեան Միջերկրականի ու Կիպրոսի հարցով, ինչպէս նաեւ կը պաշտպանէ հայերու միակողմանի պահանջները 1915 թուականի իրադարձութիւններու հետ կապուած»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment