Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Հարցը ՌԴ Նախագահի Հետ Քննարկումներու Կարեւորագոյն Կէտերէն Մէկը Եղած Է. Փաշինեանը՝ Յարութիւնեանին

Արցախի Հարցը ՌԴ Նախագահի Հետ Քննարկումներու Կարեւորագոյն Կէտերէն Մէկը Եղած Է. Փաշինեանը՝ Յարութիւնեանին

by MassisPost

«Արցախի հարցը եւ Արցախի շուրջ ստեղծուած իրադրութիւնը Ռուսաստանի նախագահի հետ քննարկումների կարեւորագոյն կէտերից մէկն է եղել», յայտնած է Հայաստանի վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան Արցախի նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ հանդիպման ժամանակ:

Վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան վարչութիւնը յայտնած է, որ Փաշինեան մասնաւորապէս նշած է. «Լաւ առիթ է, որպէսզի ձեզ հետ կիսուեմ Մոսկուա կատարած այցի արդիւնքներով եւ տպաւորութիւններով: Բնականաբար, Արցախի հարցը եւ Արցախի շուրջ ստեղծուած իրադրութիւնը Ռուսաստանի նախագահի հետ մեր քննարկումների կարեւորագոյն կէտերից մէկն է եղել, եւ շատ կարեւոր եմ համարում, որ քննարկումների բովանդակութիւնը նաեւ կիսեմ ձեզ հետ»:

Արցախի նախագահը իր հերթին կարեւորութիւն տուած է հետագայ ընելիքներուն՝ «անվտանգային եւ քաղաքական դաշտում, մանաւանդ, Ղարաբաղի կարգավիճակի հետ կապուած»:

«Բաւարարուած եմ նրանով, ինչ մենք միասին քննարկել ենք, որն արդէն փաստաթղթաւորւում եւ զուգահեռ կեանքի է կոչւում: Նաեւ ուզում եմ կարեւորել մեր հետագայ անելիքները՝ անվտանգային եւ քաղաքական դաշտում, մանաւանդ, Ղարաբաղի կարգավիճակի հետ կապուած, որտեղ մեր անելիքները պէտք է լինեն ոչ միայն համաձայնեցուած, այլ նոյն ճանապարհով», – ընդգծած է Արայիկ Յարութիւնեան:

Արցախի նախագահը ընդգծած է, որ իրենք եւս կարեւորութիւն կու տան Հայաստանի վարչապետի այցելութեան Մոսկուա եւ «այստեղ Ռուսաստանի Դաշնութեան դերը, մանաւանդ Ռուսաստանի նախագահի դերը խաղաղութիւն կնքելու առումով եւ յետպատերազմեան ժամանակահատուածում Ղարաբաղի անդորրը պահպանելու առումով անգնահատելի է»:

«Կարեւոր է նաեւ արձանագրել, որ ռուսաստանեան խաղաղապահներն այսօր անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովման հիմնական գործող անձինք են: Այդ առումով, խաղաղապահների գործունէութիւնը, ի հարկէ, պէտք է արձանագրել, որ շատ արդիւնաւէտ է եւ պէտք է յոյս ունենալ, նաեւ համոզուած եմ, որ նոյնպիսի արդիւնաւէտութեամբ կը շարունակուի», – աւելցուցած է Հայաստանի վարչապետը:

Հանդիպման ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան նաեւ նշած է. «Մենք գործնականում 44-օրեայ պատերազմի աւարտից յետոյ ամենօրեայ ռեժիմով աշխատում ենք՝ Արցախում բնականոն կեանքը վերականգնելու ուղղութեամբ, եւ կարող եմ արձանագրել, որ այս ընթացքում լայնածաւալ ծրագրեր ենք իրականացրել իրար հետ: Արդէն համատեղ մի քանի տասնեակ միլիառ դրամի ծրագրեր ենք իրականացրել, եւ շատ կարեւոր է նաեւ այն որոշումը, որ մենք կայացրեցինք՝ կապուած «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի միջոցներով Արցախում 110 միլիառ դրամի բնակարանաշինութեան եւ ենթակառուցուածքների ծրագիր իրականացնելու հետ»:

Վարչապետը ընդգծած է, որ երեք տարուայ ընթացքին, կեանքի կոչելու պարագային կը ստացուի, որ այս ծրագիրը մինչեւ այժմ Արցախի մէջ կատարուած բոլոր ծրագիրներու հետ համադրելի, համեմատելի ծրագիր է, եթէ ոչ քիչ մըն ալ աւելի:

Յիշեցնենք, որ երէկ՝ Ապրիլ 7-ին, Մոսկուայի մէջ կայացած է Հայաստանի վարչապետի եւ Ռուսաստանի նախագահի հանդիպումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment