Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Ըստ Միջազգային Իրաւունքի Մասնագէտին՝ ՍԴ-ի Որոշումը Չի Առնչուիր Մարտ 1-ի Բուն Գործին

Ըստ Միջազգային Իրաւունքի Մասնագէտին՝ ՍԴ-ի Որոշումը Չի Առնչուիր Մարտ 1-ի Բուն Գործին

by MassisPost

Սահմանադրական դատարանը (ՍԴ)   Սահմանադրութեան հակասող եւ անվաւեր ճանաչած էր Մարտ 1-ի գործով մեղադրեալ, երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին եւ անոր նախկին երկու ենթականերուն առաջադրուած յօդուածը՝ սահմանադրական կարգը տապալելու մասին: ՍԴ նախագահ՝ Արման Տիլանեան ընթերցած էր որոշման միայն եզրափակիչ մասը:

Բարձր դատարանը եզրայանգած էր, որ 10-15 տարուայ ազատազրկում սահմանող Քրէական օրէնսգրքի 300.1 յօդուածը կը հակասէ Սահմանադրութեան 78-րդ եւ 79-րդ յօդուածներուն։ Այս յօդուածները օրէնքներու համաչափութեան եւ որոշակիութեան սկզբունքներու մասին են։ Բարձր դատարանի նախագահը յայտարարած էր, որ որոշումը կը հրապարակուի եռօրեայ ժամկէտով։

Միջազգային իրաւունքի մասնագէտ՝ Արա Ղազարեանի կարծիքով՝ անցեալ ուրբաթ, Սահմանադրական դատարանը հաստատեց այս հարցով Վենետիկի յանձնաժողովի եւ Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական դատարանի կարծիքները։ Միեւնոյն ժամանակ, բարձր դատարանի որոշումը, որ չ’առնչուիր Մարտ 1-ի մայր գործին, Ղազարեան շեշտեց, որ ասիկա չի նշանակեր, որ Մարտ 1-ի այդ գործը տապալուած է։

«Դա նշանակում է՝ այդ յօդուածը չի կարող կիրառուել, եւ ըստ էութեան այդ յօդուածն առ ոչինչ է ճանաչւում իր ստեղծման օրուանից, դա նշանակում է՝ բոլոր գործերը, որոնք յարուցուել են կամ յարուցւում են, կամ էլ ընթացի մէջ են գտնւում այս յօդուածի հիմքով, դրանք պէտք է ուղղակի կարճուեն: Իրաւական հետեւանքներից մէկը նաեւ այն է, որ եթէ խափանման միջոց կալանքի հիմնաւոր կասկածի հիմքում ընկած է այս յօդուածը, նշանակում է՝ ինքնաբերաբար կալանքի ողջ տիրոյթը նոյնպէս համարւում է անօրինական, դրա վերաբերեալ արդէն կայ նոյնիսկ Եւրոպական դատարանի յստակ որոշումը», – ըսաւ Ղազարեան:

ՍԴ-ի որոշումէն յետոյ պաշտօնաթող նախագահի պաշտպան՝ Արամ Վարդեւանեան յայտարարեց, որ Քոչարեանի նկատմամբ քրէական հետապնդումը պէտք է դադարեցուի անյապաղօրէն։ Մեղադրանքը պաշտպանող Գլխաւոր դատախազութիւնը դեռ դիրքորոշում չէ յայտնած՝ կը սպասէ որոշման հրապարակման։

2008-ի յետընտրական արիւնալի իրադարձութիւններու հետեւանքով զոհուած 10 քաղաքացիներէն 9-ի իրաւայաջորդներու ներկայացուցիչ, փաստաբան՝ Տիգրան Եգորեան կը կարծէ, որ բարձր դատարանի որոշումով Քրէական օրէնսգրքի հակասահմանադրական եւ անվաւեր ճանաչուած 300.1 յօդուածով հետապնդումը իսկապէս պէտք է դադարեցուի եւ գործը այս մասով կարճուի. «Այո, այս յօդուածով գործը պէտք է կարճուի»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment