Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Խոչընդոտ Չկայ, Որ Արտահերթ Ընտրութիւնները Կատարուին Համամասնական Համակարգով. Բադասեան

Խոչընդոտ Չկայ, Որ Արտահերթ Ընտրութիւնները Կատարուին Համամասնական Համակարգով. Բադասեան

by MassisPost

«Մենք համապատասխան դիրքորոշում կ’արտայայտենք, բայց կարծում եմ՝ երկար ժամանակ թէ՛ քաղաքական ուժերի, թէ՛ քաղհասարակութեան, թէ՛ մեր հանրութեան մեծամասնութեան դիրքորոշումն այն է, որ բաց համամասնական համակարգը ամենայարմար համակարգը չէ ՀՀ-ի համար»,- այսօր՝ Մարտ 22-ին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեց արդարադատութեան նախարարը:

Բադասեանի խօսքով՝ բաց համամասնական համակարգը տարիներ շարունակ համարուած է քօղարկուած մեծամասնական համակարգ, իսկ մեր երկրի համար աւելի ճիշդ է, աւելի քաղաքական է եւ նպաստում է քաղաքական բանավէճի կայացման, եթէ ըլլայ համամասնական համակարգ:

«Ընտրական օրէնսգիրքն ԱԺ-ի կողմից արդէն դրուել է շրջանառութեան մէջ, ուղարկուել է Վենետիկի յանձնաժողով»,- աւելցուց Ռուստամ Բադասեան:

Նախարարի խօսքով՝ եթէ քաղաքական ուժերու ու հասարակութեան շրջանակին մէջ ըլլայ համաձայնութիւն, եւ փոփոխութիւնները տեղի ունենան արագ, ապա որեւէ խոչընդոտ չկայ, որ արտահերթ ընտրութիւնները կատարուին մաքուր համամասնական համակարգով:

Հարցին, թէ հնարաւո՞ր է՝ մինչեւ Յունիս 20 ընդունիլ նոր Ընտրական օրէնսգիրքը, Ռուստամ Բադասեան նշեց, որ տեխնիկապէս հնարաւոր է. «Արդէն գրեթէ մէկ տարի է, ինչ քննարկուել են Ընտրական օրէնսգրքում փոփոխութիւնները, այդ առումով, կարծում եմ, երկու ընթերցում անցկացնել՝ Ընտրական օրէնսգրքի բաւական պարզ փոփոխութիւններ անելու համար, բաւարար է»:

Հարցին, թէ ե՞րբ հրաժարական պիտի տայ Նիկոլ Փաշինեան, Ռուստամ Բադասեան նկատել տուաւ, որ կարող ենք յետհաշուարկ ընել Յունիս 20-էն սկսեալ. «Ոչ շուտ, քան 35 օր, ոչ ուշ, քան 50 օր յետոյ են տեղի ունենում արտահերթ ընտրութիւնները, այդ առումով կարող էք յետհաշուարկ ընել, ես, ճիշտն ասած, չեմ արել»: Ճշդող հարցին՝ չկա՞յ քաղաքական որոշում, թէ յստակ երբ հրաժարական պիտի տայ վարչապետը, արդարադատութեան նախարարը յայտնեց, թէ տեղեակ չէ:

Դիտարկման, որ ԼՀԿ-ի ղեկավար՝ Էտմոն Մարուքեան Նիկոլ Փաշինեանը պարտութեան խորհրդանիշ կը համարէ, հարցին, թէ կը կարծե՞ն, թէ քաղաքացիները պիտի ընտրեն ներկայ վարչապետը, Ռուստամ Բադասեան ըսաւ, որ քաղաքացիները իրենց որոշումը կը կայացնեն ցանկացած պարագայի. «Եւ մեր խնդիրն է քաղաքացիներին այդ հնարաւորութիւնը տալ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment