Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Փաշինեան. «Լեռնային Ղարաբաղի Կարգավիճակի Հարցը Կը Շարունակէ Մնալ Անլոյծ»

Փաշինեան. «Լեռնային Ղարաբաղի Կարգավիճակի Հարցը Կը Շարունակէ Մնալ Անլոյծ»

by MassisPost

Հայաստանի Վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան Մարտ 16-ին, Երեւանի մէջ ընդունած է Շուէտի արտաքին գործոց նախարար, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ՝ Անն Լինտէի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Նախ տեղի ունեցած է վարչապետի եւ տիկին Լինտէի առանձնազրոյցը, այնուհետեւ հանդիպումը շարունակուած է ընդլայնուած կազմով:

Վարչապետը ողջունած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի այցը Հայաստան եւ շնորհաւորած ու արգասաբեր գործունէութիւն մաղթած այս պատասխանատու առաքելութեան մէջ: Նիկոլ Փաշինեան կարեւորած է Եւրոպայի Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) հետ սերտ համագործակցութիւնը՝ կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովման գործով: Կառավարութեան ղեկավարը ընդգծած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծումը հնարաւոր է բացառապէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան շրջանակէն ներս եւ այդ համաթեքսթով կարեւորած ՄԽ գործունէութեան աշխուժացման անհրաժեշտութիւնը՝ խաղաղ գործընթացի վերսկսման եւ հիմնախնդրի համապարփակ կարգաւորման հարցով: Այս առումով վարչապետը շեշտած է ԼՂ-ի կարգավիճակի յստակացման ու արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի իրացման անհրաժեշտութիւնը:

Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով՝ միայն կառուցողական ջանքերու եւ համապատասխան միջավայրի ձեւաւորման միջոցով հնարաւոր կ’ըլլայ տարածաշրջանէն ներս հաստատել կայունութիւն եւ երկարատեւ խաղաղութիւն, սակայն Ատրպէյճանի նախագահի կողմէն շարունակուող յարձակողական ու ապակառուցողական յայտարարութիւնները որեւէ կերպ չեն նպաստեր անոր: Վարչապետը շեշտած է, որ դեռեւս չլուծուած կը մնան շատ հարցեր, անոնց կարգին՝ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը, մարդասիրական խնդիրները, արցախահայութեան իրաւունքներու, մշակութային ժառանգութեան ինքնութեան պաշտպանութիւնը եւ այս առումով նշած ԵԱՀԿ-ի կարեւոր դերը:

Վարչապետ Փաշինեան ընդգծած է, որ կարեւորագոյն առաջնահերթութիւն կը շարունակէ մնալ ռազմագերիներու վերադարձը, եւ հայկական կողմի ընկալումը այն է, որ Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան 8-րդ կէտը պէտք է կատարուի առանց նախապայմաններու, իսկ Ատրպէյճանը կը շարունակէ գերեվարութեան մէջ պահել հայ ռազմագերիները ու պատանդի կարգավիճակի մէջ յայտնուած քաղաքացիական անձերը:

Որպէս ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ՝ Անն Լինտէ ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ կարեւորած է Մինսքի խումբի համանախագահներու աշխատանքն ու իր անձնական ներկայացուցչի ջանքերը՝ միտուած երկարաժամկէտ կայուն լուծման ու խաղաղութեան հաստատման: Անոր խօսքով՝ ԵԱՀԿ-ը եւ միջազգային հանրութիւնը որպէս ամբողջութիւն կարեւոր դեր ունին անդրադառնալու ներկայիս ստեղծուած անմիջական իրավիճակին եւ կողմերուն օժանդակելու՝ գտնել հիմնախնդրի կարգաւորման ուղիներ: Միեւնոյն ժամանակ, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահը կարեւորած է միջազգային մարդասիրական իրաւունքի յարգումն ու մարդասիրական խնդիրներու լուծումը, ինչ որ կը նպաստէ նաեւ փոխվստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման:

Անն Լինտէ Երեւան այցելութեան ծիրէն ներս հանդիպումներ ունեցած է նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար՝ Արա Այվազեանի եւ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար՝ Դաւիթ Բաբայեանի հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment