Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հրանդ Մարգարեան կը Ցանկայ ՀՅԴ-ն Ի Սպաս Դնել Հայաստանի Նախկին Իշխանութիւններուն. «Դրօշակի» Նախկին Խմբագիր

Հրանդ Մարգարեան կը Ցանկայ ՀՅԴ-ն Ի Սպաս Դնել Հայաստանի Նախկին Իշխանութիւններուն. «Դրօշակի» Նախկին Խմբագիր

by MassisPost

«Տակաւին Հրանդ Մարգարեանի փաստացի ղեկավարութեամբ գործող ՀՅԴ Բիւրօն կը ցանկայ իր ազդեցութիւնը տարածել արեւմտեան Ամերիկայի դաշնակցական կառոյցի նկատմամբ, որպէսզի զայն եւս ի սպաս դնէ Հայաստանի նախկին իշխանութիւններուն», այսօր՝ Մարտ 12-ին, «Ազատութիւն»ի հետ զրոյցի ընթացքին  այսպէս մեկնաբանեց մօտ երեսուն տարի ՀՅԴ «Ազդակ» եւ «Դրօշակ» պարբերականները խմբագրած՝ Նազարէթ Պէրպէրեան։

Գրեթէ կէս դար Դաշնակցութեան անդամ եղած եւ 2019-ին կուսակցութենէն հեռացուած Պէրպէրեանի պնդմամբ, դեռ 2019 թուականի Յունուարին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած ՀՅԴ Ընհանուր ժողովին Հրանդ Մարգարեան կուսակիցներուն խոստացած էր առաւելագոյնը չորս տարուայ ընթացքին «տուն ճամփել» Նիկոլ Փաշինեանը։

«ՀՅԴ Բիւրօ անունով կոչուող օղակը կը փորձէ նուէր տալ այն ուժերուն, որոնք իշխանութեան վրայ չեն գտնուիր Հայաստանի մէջ, բայց որոնք տակաւին պետական ապարատը (մեքենան), վերնախաւը՝ բանակէն մինչեւ նախարարութիւններ, իրենց նշանակած աշխատակազմով եւ իրենց յափշտակած, կուտակած հարստութիւններով կ’ուզեն հակակշռել եւ ՀՅԴ Բիւրօ անունով գործող օղակը անոնց գրպանը տեղաւորել՝ իր բոլոր հնարաւորութիւններով», – «Ազատութիւն»ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Պէրպէրեան։

Քալիֆորնիոյ մէջ աւելի քան մէկ դար լոյս տեսնող դաշնակցականներու «Ասպարէզ» պարբերականին մէջ, նախօրէին լոյս տեսաւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի ստորագրութեամբ յայտարարութիւն, թէ Դաշնակցութեան Բիւրօն կը ձգտի ճնշել տեղի դաշնակցականներու ազատ կամքի արտայայտութիւնը՝ փորձելով կասեցնել նոր կեդրոնական կոմիտէի ընտրութիւնը ու փոխարէնը նշանակելով այլ կեդրոնական կոմիտէ։

Աւելի վաղ՝ Մարտ 8-ին, յայտարարութեամբ հանդէս եկած էր ՀՅԴ Բիւրօն, թէ ԱՄՆ-ի Դաշնակցութեան արեւմտեան շրջանի կառոյցին մէջ երկար տարիներ կուսակցական պատասխանատու պաշտօններ վարած խումբ մը, ապօրինի ժողով գումարած է ու ապօրինի մարմին ընտրած։ Բիւրօն տեղեկացուցած էր, որ այս ամէնուն հետեւանքով չորս դաշնակցական վտարած է իր շարքերէն։

Կուսակցութենէն հեռացուած չորս ամերիկահայերը չեն ցանկացած մեկնաբանութիւն տալ տեղի ունեցածին մասին։

«Չէ՞ք տեսներ, որ դուք այս այսպէս կոչուած 17 խմբաւորումներու կուսակցութիւններուն մէջ յայտնուիլը Հրանդ Մարգարեանի Բիւրոյի․․․ Կը կարծէք, որ Հրանդ Մարգարեանը ինքը չէ՞ Բիւրոյի լարերը շարժողը։ 2019 թուականի Յունուարին, երբ որ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Ընդհանուր ժողովին, Հրանդ Մարգարեան պաշտօնական բացման հանդիսութեան իբրեւ շրջանաւարտ Բիւրոյի ներկայացուցիչ՝ այսպիսի յայտարարութիւն ըրաւ՝ ըսելով, որ՝ ես որոշած եմ Բիւրօ չգալ, բայց կը խոստանամ ձեզի, որ մինչեւ չորս տարի տուն պիտի ուղարկեմ Նիկոլ Փաշինեանը։ Այս Դաշնակցութեան բարոյական, գաղափարաական, կազմակերպական աւանդներուն վրայ թքած է տառացիօրէն», – նշած է Նազարէթ Պէրպէրեան։

Գրեթէ քսան տարի՝ 2000-2019 թուականներուն, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ եղած Հրանդ Մարգարեան այսօր «Ազատութիւն»ին փոխանցեց, թէ չի ցանկար հարցազրոյց տալ։

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ՝ Կիրօ Մանոյեան երէկ «Ազատութիւն»ի հետ զրոյցին, արձագանգելով Բիւրոյի հասցէին հնչող մեղադրանքներուն, ըսաւ, թէ արեւմտեան Ամերիկայի դաշնակցականներու ժողովը հակականոնագրային եղած է ․ – «Կանոնագրով պահանջուած պայմանները չէր լրացրել, եւ դրա համար էլ պէտք չէր, որ գումարուեր։ Իսկ մնացածը կազմակերպութեան կանոններով ճշդուած աշխատելաձեւ է, որ տարբեր իրավիճակներում կուսակցութիւնը շարժուելու հնարաւորութիւն կ’ունենայ։ Եւ դա այնպէս չէ, որ այս նշանակովի մարմինը առյաւետ նշանակուած պիտի մնայ։ Փորձելու է այս քովիտի պայմաններում ընտրութիւններ կազմակերպել եւ այդ ընտրութիւններն իրենց արդիւնքը կու տան»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment