Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեան Այցելած Է Գեղարքունիքի Մարզ

Նիկոլ Փաշինեան Այցելած Է Գեղարքունիքի Մարզ

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելած է Գեղարքունիքի մարզ՝ ընթացիկ եւ առաջիկայ ծրագիրները եւ ռազմավարական խնդիրները քննարկելու նպատակով:

«Մեր մարզային հերթական խորհրդակցութիւնը տեղի է ունենում Գեղարքունիքի մարզում, եւ այսօրուայ մեր օրակարգում ընկերա-տնտեսական, անվտանգային հարցեր են: Գեղարքունիքի մարզը նաեւ նպաստի ծրագրերի մասով ամենաշխոյժ մարզերից է», – նշած է վարչապետը՝ ընդգծելով․ – «Հայաստանը նորովի կառուցելու մեր տեսլականը պէտք է շատ աշխոյժ իրագործուի: Ընդ որում, իրագործուի ոչ միայն պետութեան, կառավարութեան, համայնքների կողմից, այլեւ պէտք է քաջալերենք նաեւ մասնաւորին՝ այդ կառուցման, ներդրման գործընթացին մասնակցելու: Ի հարկէ, դրա համար շատ կարեւոր է մեր երկրի ընկերա-հոգեբանական վիճակը, անվտանգային միջավայրը: Գեղարքունիքի մարզի շուրջ նոյնպէս անվտանգային միջավայրի փոփոխութիւն է տեղի ունեցել: Մենք այսօր դրա հետ կապուած հարցը նոյնպէս կը քննարկենք»։

2020-ին մարզէն ներս կատարուած է 6 միլիառ դրամի նպաստի ծրագիր

Անցնելով օրակարգային հարցերուն՝ Գեղարքունիքի մարզպետ՝ Գնել Սանոսեան նշած է, որ յաջող եւ որակի խիստ պահպանմամբ կը կատարուին նպաստի ծրագիրները:

Սանոսեանի խօսքով` 2018 թուականին մարզէն ներս կատարուած են 3 միլիառ դրամի նպաստի ծրագիրներ, 2019-ին` 5,5 միլիառ դրամի, 2020-ին` 6 միլիառ դրամի: Ընթացիկ տարուայ համար ներկայացուած է 8,5 միլիառ դրամի ծրագիրներու յայտ:

Մարզպետը նշած է, որ մարզէն ներս առաջնահերթութիւն կը տրուի զբօսաշրջութեան, գիւղատնտեսութեան, ուժանիւթի ոլորտներուն: Աճ կը նկատուի անասնապահութեան ոլորտին մէջ. միայն Արծուանիստ համայնքին մէջ կը կատարուի 15 միլիառ դրամի արժողութեամբ ներդրումային ծրագիր` երկրագործական խոշոր տնտեսութիւն հիմնելու նպատակով:

Սանոսեանի խօսքով՝ մարզը ունի 181 հազար հեկտար արօտավայր, որմէ չ’օգտագործուիր 124 հազար հեկտար: Պատասխանատուներու խօսքով՝ հիմնական խնդիրը արօտավայրերու անհասանելիութիւնն է: Վարչապետը կարեւորած է բարձրարժէք գիւղատնտեսութիւնը խթանող ծրագիրներու իրագործումը, ենթակառուցուածքներու զարգացումը` արօտավայրերու ճանապարհները հասանելի դարձնելու եւ խմելու միջոցներ ապահովման համար: Զեկուցուած է, որ մարզէն ներս 98 հեկտար կաթիլային ոռոգմամբ այգիներ հիմնուած են, գոծունեայ այգիներու ծաւալը հետզհետէ կ’աւելնայ:

Զեկուցուած է նաեւ, որ Գեղարքունիքին մէջ առկայ 81 հազար հեկտար վարելահողերէն կ’օգտագործուի կէսը: Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ գիւղատնտեսութեան զարգացման եւ արդիւնաւէտութեան բարձրացման թիրախային ծրագիրները, որոնք կը նպաստեն վարելահողերու օգտագործման ծաւալներու յաւելումին:

kegharkunik-2

Նոր ծրագիրներու միջոցաւ կը խթանուի արեւային ուժանիւթի զարգացումը

Անդրադառնալով ուժանիւթի ոլորտին` Գնել Սանոսեան նշած է, որ ընթացիկ տարուայ մէջ պիտի մեկնարկի Մեծ Մասրիկի ենթակայանի կառուցման շինարարութիւնը եւ նոր ծրագիրներու միջոցաւ կը խթանուի նաեւ արեւային ուժանիւթի զարգացումը:

Մարզպետը տեղեկացուցած է, որ պատերազմէն յետոյ Գեղարքունիքի մարզէն ներս դեռ կը շարունակեն մնալ 1700 արցախցիներ. մարզպետարանը վերջիններուս կարիքները կը պահէ ուշադրութեան կեդրոն եւ կ’ապահովէ զանոնք կենցաղային անհրաժեշտ պայմաններով, երեխաները կը յաճախեն մարզի ուսումնական հաստատութիւններ:

Առաջնագծին վրայ  իրավիճակը հանգիստ է

Անդրադառնալով անվտանգային միջավայրին` 2-րդ բանակային ջոկատի հրամանատար՝ Արայիկ Յարութիւնեան զեկուցած է, որ բանակային ջոկատը անվտանգութեան ապահովման խնդիրը յաջող կ’իրագործէ, իսկ առաջիկայ կարեւորագոյն խնդիրն է առաջնագիծի ենթակառուցուածքներու բարելաւումն ու ճարտարագիտական աշխատանքներու իրագործումը: Զեկուցուած է, որ առաջնագիծին վրայ իրավիճակը հանգիստ է եւ կը գտնուի լիարժէք վերահսկողութեան ներքոյ:

Զեկոյցներով հանդէս եկած են նաեւ Դատախազութեան, Քննչական կոմիտէի եւ Ոստիկանութեան մարզային վարչութիւններու ղեկավարները՝ ներկայացնելով իրաւակարգի ապահովման ուղղուած աշխատանքներու ընթացքը:

Խորհրդակցութեան մասնակցած են նաեւ Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար՝ Սուրեն Պապիկեան, Էքոնոմիքայի (Տնտեսութեան) նախարարի տեղակալ՝ Տիգրան Գաբրիելեան, փոխմարզպետները եւ պաշտօնատար այլ անձինք:

Խորհրդակցութենէն յետոյ վարչապետը հանդիպած է Գաւառի կեդրոնական հրապարակը հաւաքուած քաղաքացիներուն հետ, լսած անոնց խնդիրներն ու պատասխանած հարցերուն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment