Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ֆրանք Փալոն Խօսած է ԱՄՆ-ի Նախագահի Վարչակազմի Հետ Ատրպէյճան Պահուող Հայ Գերիներու Հարցով

Ֆրանք Փալոն Խօսած է ԱՄՆ-ի Նախագահի Վարչակազմի Հետ Ատրպէյճան Պահուող Հայ Գերիներու Հարցով

by MassisPost

ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ, Քոնկրէսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ՝ Ֆրանք Փալոն թուիթըր-ի իր էջով  անդրադարձած է հայ գերիներու խնդրին: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը, Փալոն գրած է, որ Ատրպէյճանը մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտումներ թոյլ տուած է:

«Անցեալ տարի հակամարտութեան ժամանակ (արցախեան 44-օրեայ պատերազմ-հեղ.) Ատրպէյճանը մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտումներ թոյլ տուած է: Անոնք կը շարունակեն պահել հարիւրաւոր հայերու՝ անով իսկ խախտելով միջազգային իրաւունքը: Ես անձամբ խօսած եմ Պայտընի (ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն- հեղ.) վարչակազմի հետ, որպէսզի անյապաղ լուծուին այդ խնդիրները», – գրած է Ֆրանք Փալոն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment