Հայաստան այս տարի չի մասնակցիր «Եւրատեսիլ» երգի միջազգային մրցոյթին, յայտարարած է Հանրային հեռուստաընկերութիւնը՝ նշելով, որ որոշումը կայացուած է «համապարփակ քննարկումներէն եւ բանակցութիւններէն» յետոյ։
«Տեղի ունեցած իրադարձութիւնները, ժամանակի սղութիւնը եւ այլ առարկայական հանգամանքներ անհամադրելի են երգի մրցոյթում Հայաստանի պատշաճ ներկայացման հետ»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ։
Մրցոյթը այս տարի նախատեսուած է Մայիսին՝ Ռոթըրտամ քաղաքը։ Հայաստանը «Եւրատեսիլ»-ին կը մասնակցէր 2006 թուականէն։ Մրցոյթին, Հայաստանը առաջին ներկայացնողը եղած է Անտրէն։