Հայաստան կը խուսափի համագործակցութենէն եւ կը փորձէ խոչընդոտել Զանգեզուրեան միջանցքի իրագործումը, այսօր՝ Մարտ 5-ին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահը՝ ելոյթ ունենալով իշխող կուսակցութեան՝ «Ենի Ազերեբայջանի» համագումարին։
Իլհամ Ալիեւ վերստին սպառնալիքներ հնչեցուցած է հայկական կողմի հասցէին, պնդելով, թէ Պաքուն «կը ստիպէ Երեւանը եւ ի վերջոյ իրականութիւն կը դարձնէ իր ցանկութիւնը»։
Պաշտօնական Երեւանը հակադարձած է, թէ Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան մէջ որեւէ միջանցքի ստեղծման մասին խօսք չկայ։ «Զանգեզուրն անուանելով «ատրպէյճանական պատմական տարածք» եւ յղում կատարելով մտացածին «միջանցքի»՝ Ատրպէյճանի նախագահը դիտաւորեալ տապալում է Նոյեմբերի 9-ի եւ Յունուարի 11-ի եռակողմ յայտարարութիւնների իրագործումը: Նման հռետորաբանութիւնը հակասում է Ատրպէյճանի ստանձնած պարտաւորութիւններին, անթաքոյց մարտահրաւէր է միջազգային իրաւունքին եւ որեւէ կերպ չի նպաստում տարածաշրջանում կայունութեան հաստատմանը»,- շեշտած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ՝ Աննա Նաղդալեան: