Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը կը Բարելաւէ Դիրքերը Տնտեսական Ազատութեան Միջազգային Ցուցակին Վրայ

Հայաստանը կը Բարելաւէ Դիրքերը Տնտեսական Ազատութեան Միջազգային Ցուցակին Վրայ

by MassisPost

Հայաստանը երկու հորիզոնականով բարելաւած է դիրքերը The Heritage Foundation-ի տնտեսական ազատութեան 2021 թուականի համաթուին մէջ։

Առաւելագոյն 100 միաւորէն անցեալ տարի Հայաստանը 71,9 միաւոր հաւաքած է ՝ դասուելով «հիմնականին ազատ» տնտեսութիւն ունեցող երկիրներու շարքին։ Հինգշաբթի օր հրապարակուած զեկոյցով Հայաստանը 178 երկիրներու մէջ 32-րդ հորիզոնականին վրայ է։

Նախորդ տարուայ ցուցակին վրայ, երկիրը կը գրաւէր 34-րդ տեղը։ 2018 եւ 2019 թուականներուն Հայաստանը համապատասխանաբար 44-րդ եւ 47-րդ հորիզոնականներուն վրայ էր։

Ուաշինկթոնի մէջ հիմնուած հեղինակաւոր The Heritage Foundation-ը Միացեալ Նահանգներու հանրային քաղաքականութեան ազդեցիկ կառոյցներէն կը համարուի։ Ցուցակը կազմելու ժամանակ կազմակերպութիւնը կ’առաջնորդուի երկիրներու ձեռնարկատիրութեան, աշխատուժի, ֆինանսական, ներդրումային, առեւտրային ազատութիւններու աստիճանով, հարկային քաղաքականութեամբ, սեփականութեան իրաւունքի ապահովմամբ, դատական համակարգի արդիւնաւէտութեամբ եւ վարչական օրինաւարութեամբ։

2021 թուականի զեկոյցը հրապարակուած է Covid-19 համավարակի տարածման պայմաններու մէջ համաշխարհային տնտեսութեան համար ծանր ժամանակներուն:

«Քորոնա» ժահրի համավարակին հակազդելուն զուգահեռ՝ տնտեսական ազատութիւնը առաւել կարեւոր պիտի ըլլայ քան երբեւէ», – ըսուած է զեկոյցով։

Հարաւային Կովկասի մէջ, ըստ ցուցակին, տնտեսական ազատութեան ամենաբարձր ցուցանիշը գրանցած է Վրաստանը՝ 77,2 միաւորով գրաւած է 12-րդ հորիզոնականը։ Ատրպէյճանը 38-րդ տեղն է։

Թէեւ զեկոյցը հիմնականին առանձին երկիրներու չ’անդրադառնար, սակայն անցեալ տարուայ նշանակալի իրադարձութիւններուն մէջ առանձին նշմամբ ենթադրած է, որ հայ-ատրպէյճանական վեց շաբաթեայ պատերազմէն յետոյ ստեղծուած նոր իրադրութեամբ պայմանաւորուած՝ ապագային թէ՛ Հայաստանը, թէ՛ Ատրպէյճանը հնարաւորութիւն ունին բարելաւելու իրենց տնտեսական ազատութիւնները դատական արդիւնաւէտութեան եւ վարչական օրինաւարութեան տեսանկիւնէն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment