Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վազգէն Մանուկեան Իր Դէմ Եղած Մեղադրանքը Չ’ընդունիր

Վազգէն Մանուկեան Իր Դէմ Եղած Մեղադրանքը Չ’ընդունիր

by MassisPost

«Հայրենիքի փրկութեան շարժման» վարչապետի թեկնածու՝ Վազգէն Մանուկեանին մեղադրանք առաջադրուեցաւ իշխանութիւնը զաւթելուն, սահմանադրական կարգը բռնի տապալելուն ուղղուած հրապարակային կոչերու համար:

Ըստ Քննչական կոմիտէին, Հայաստանի նախկին վարչապետը նման կոչեր հնչեցուցած է Փետրուար 12-ին եւ 20-ին կայացած ընդդիմադիրներու հանրահաւաքներու ընթացքին: Վազգէն Մանուկեան Փետրուար 20-ին, օրինակ, յայտարարած էր, թէ պէտք է պատրաստ ըլլալ կայծակնային արագութեամբ ապստամբելով վերցնել իշխանութիւնը:

Մանուկեան իրեն առաջադրուած մեղադրանքը չ’ընդունիր, զայն քաղաքական հետապնդում կ’որակէ. «Սա սովորական քաղաքական հետապնդում է, լուրջ գործ չէ»:

Վազգէն Մանուկեան, որ պատերազմէն յետոյ կ’առաջնորդէ վարչապետի հրաժարականի պահանջով «Հայրենիքի փրկութեան շարժման» հանրահաւաքները, հրաժարած է գործի առնչութեամբ ցուցմունք տալէ, լրագրողներու հետ զրոյցին, ան միայն պնդեց, որ իր յայտարարութիւնները Սահմանադրութիւնը չեն խախտեր. «Ինչո՞ւ պէտք է ցուցմունք տամ, ասացի, չէ՞, որ ցուցմունք չեմ տուել»:

Ընդդիմադիրներու վարչապետի թեկնածուի շահերը կը պաշտպանէ Արամ Վարդեւանեան, որ նաեւ սահմանադրական կարգի տապալման համար մեղադրուող երկրորդ նախագահ՝ Ռոպերթ Քոչարեանի փաստաբանն է։ Անոր պնդմամբ՝ այս գործը պատուիրուած է:

«Նախնական քաղաքական հետապնդման հետ գործ ունենք: Այսինքն՝ պարզ է, չէ՞, որ եթէ երբ քաղաքական իշխանութիւնն ունենում է քաղաքական հակառակորդ, վերջին երեք տարիների ընթացքում տեսնում ենք, որ անպայման պէտք է լինի քրէական գործ», – նշեց փաստաբանը:

Վարդեւանեանի խօսքով՝ եթէ ապստամբելով իշխանութիւնը վերցնելուն ուղղուած կոչ ըլլար, ապա այդ կը կատարուէր. «Խօսքը քաղաքական յայտարարութիւնների մասին էր, այս պայմաններում խօսել Քրէական օրէնսգրքի հետ առնչութեան մասին, առնուազն անհեթեթութիւն է: Նաեւ հենց այդ հանգամանքն էլ, որ մեղադրանքի էութիւնն առհասարակ պարզ չէ եւ պարզ չէ առնչութիւնը այդ մեղադրանքի Քրէական օրէնսգրքի յօդուածների հետ, եւս արձանագրուեց այսօր»:

75-ամեայ Մանուկեանի նկատմամբ խափանման միջոց ընտրուած է չհեռանալու մասին ստորագրութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment